Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ

Ճամբան գտնել

Ճամբան գտնել

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ԵՐՋԱՆԻԿ ԱՆՁ ՄԸ ԿԸ ՍԵՊԵ՞Ս։ Եթէ ա՛յո, ի՞նչը քեզ երջանիկ կը դարձնէ։ Ընտանի՞քդ, գո՞րծդ, կրօ՞նքդ։ Կը սպասե՞ս բանի մը, որ կրնայ քեզ երջանկացնել, ինչպէս՝ դպրոցդ աւարտել, լաւ գործ մը աշխատիլ կամ նոր ինքնաշարժ մը գնել։

Շատեր ուրախ կը զգան երբ որոշ բան մը կ’իրագործեն կամ իրենց ուզած մէկ բանը ձեռք կը ձգեն։ Բայց այդ ուրախութիւնը որքա՞ն կը տեւէ։ Շատ անգամ, ատիկա ժամանակաւոր կ’ըլլայ, ինչ որ յուսախաբ կ’ընէ անհատը։

Բառարան մը կ’ըսէ որ երջանկութիւնը լաւ հոգեվիճակ մըն է, որ յարաբերաբար մնայուն կ’ըլլայ. երջանիկ անհատը կրնայ ըլլալ մէկը, որ պարզապէս գոհունակ է կեանքէն, կամ ալ մէկը որ շատ հաճոյք կ’առնէ կեանքէն։ Նաեւ երջանիկ անհատը բնականաբար կ’ուզէ երջանիկ մնալ։

Եւ քանի որ երջանկութիւնը մնայուն զգացում մըն է, ատիկա կախեալ չէ անհատին ձեռք ձգած բաներէն, հապա կախեալ է իր ապրելակերպէն։ Եթէ ըսենք՝ «Ես երջանիկ կ’ըլլամ երբ. . . », կարծես թէ մեր երջանկութիւնը յետաձգած կ’ըլլանք։

Յստակացնելու համար, երջանկութիւնը բաղդատէ լաւ առողջութեան հետ։ Երբ ուշադիր ըլլանք մեր ուտելիքին, մարզանք ընենք եւ ընդհանուր առմամբ լաւ սովորութիւններ ունենանք, արդիւնքը կ’ըլլայ որ մեր ֆիզիքական վիճակը լաւ կ’ըլլայ։ Նմանապէս, երջանիկ կ’ըլլանք երբ լաւ ապրելակերպ մը ունենանք, հետեւելով օգտակար սկզբունքներու։

Ո՞ր սկզբունքները կամ յատկութիւնները կը ձգեն, որ երջանկութեան ճամբուն մէջ քալենք։ Հետեւեալները կարեւոր դեր կը խաղան.

  • ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

  • ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՃԿՈՒՆՈՒԹԻՒՆ

  • ՍԷՐ

  • ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆ

  • ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ՆՊԱՏԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼ

  • ՅՈՅՍ

Այժմ մանրամասնօրէն նկատի առնենք այդ սկզբունքներն ու յատկութիւնները։