«Եթէ Քինկզլին կրնայ ընել, ուրեմն ե՛ս ալ կրնամ»
ԻՐ ՈՒՍԻՆ թեթեւ հարուած ստանալէ ետք, Քինկզլի կը սկսի Աստուածաշունչը ընթերցել։ Ասիկա իր առաջին նշանակումն է Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ։ Ան իւրաքանչիւր բառ ուշադրութեամբ կ’արտասանէ, ո՛չ մէկ վանկ փախցնելով։ Բայց մէկ վայրկեան. ան ինչո՞ւ իր Աստուածաշունչին չի նայիր։
Քինկզլի Սրի Լանքայի մէջ կ’ապրի։ Ան կոյր է, իր լսողութիւնը տկար է եւ անուաթոռով կը տեղափոխուի։ Ան ինչպէ՞ս Եհովային մասին սորվեցաւ եւ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ արձանագրուելու որակեալ եղաւ։ Ձեզի պատմեմ թէ ինչպէ՛ս։
Երբ առաջին անգամ Քինկզլիի ծանօթացայ, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ իր ծարաւը զիս շատ տպաւորեց։ Ան արդէն իսկ քանի մը Վկաներու հետ Աստուածաշունչը սերտած էր, եւ Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ գիրքին իր պրայլ տարբերակը շատ հինցած էր *։ Ան ընդունեց հրաւէրս, որ իր ուսումնասիրութիւնը շարունակէ, բայց երկու մարտահրաւէր դիմագրաւեցինք։
Առաջին՝ Քինկզլի կ’ապրէր տարեցներու եւ անկարներու յատուկ խնամատան մը մէջ։ Որովհետեւ աղմուկ կար եւ Քինկզլի լսելու տկարութիւն ունէր, կը ստիպուէի բարձրաձայն խօսիլ։ Իրականութեան մէջ, խնամատան մէջ բոլոր եղողները կրնային մեր շաբաթական ուսումնասիրութիւնը լսել։
Երկրորդ՝ Քինկզլին ամէն մէկ նիստին միայն քիչ նոր տեղեկութիւն կրնար կարդալ եւ ըմբռնել։ Ան ժրաջանութեամբ կը նախապատրաստուէր, որպէսզի ուսումնասիրութիւնը աւելի արդիւնաբեր ըլլայ։ Ան կանխաւ կրկին անգամ դասը կը կարդար, պրայլ Աստուածաշունչին մէջ համարները կը բանար եւ իր մտքին մէջ հարցումներուն պատասխանները կը պատրաստէր։ Այս մեթոտը շատ ազդու էր։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին, ան գորգի մը վրայ ծալապատիկ կը նստէր, եւ խանդավառութեամբ գետինը կը հարուածէր, մինչ բարձրաձայն կը բացատրէր ինչ որ սորված էր։ Շատ չանցած՝ սկսանք շաբաթը երկու անգամ սերտել, եւ իւրաքանչիւր նիստ երկու ժամ կը տեւէր։
ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԻԼ ԵՒ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ
Քինկզլին անհամբեր կ’ուզէր Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ, բայց ասիկա իր դժուարութիւնները ունէր։ Ան անուաթոռին վրայ նստելու եւ անկէ ելլելու, ինքնաշարժին մէջ նստելու եւ անկէ ելլելու, ինչպէս նաեւ սրահ մտնելու համար օգնութեան կը կարօտէր։ Բայց ժողովքին մէջ շատեր կարգով իրեն օգնեցին, ասիկա ընելը առանձնաշնորհում նկատելով։ Ժողովներուն ընթացքին, Քինկզլի իր ականջին մօտ բարձրախօս մը կը պահէր, ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէր եւ նոյնիսկ պատասխաններ կու տար։
Որոշ ժամանակ մը սերտելէ ետք, Քինկզլին որոշեց Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ արձանագրուիլ։ Իր առաջին բաժինէն երկու շաբաթ առաջ, իրեն հարցուցի եթէ փորձ կ’ընէր։ Ան ինքնավստահութեամբ ըսաւ. «Այո եղբայր, մօտ 30 անգամ փորձ ըրի»։ Իր թափած ջանքերուն համար զինք գովեցի եւ խնդրեցի որ առջեւս կարդայ։ Ան իր Աստուածաշունչը բացաւ, իր մատները դրաւ պրայլ գրութեան վրայ եւ սկսաւ կարդալ։ Սակայն նկատեցի որ իր մատներով չէր հետեւեր գրութեան այնպէս ինչպէս սովորաբար կ’ընէր։ Ան ամբողջ ընթերցանութիւնը գոց սորված էր։
Աչքերուս չհաւատացի։ Արցունքոտ աչքերով Քինկզլիին հարցուցի, թէ ինչպէ՛ս կրնար այսքան լաւ յիշել, երբ միայն 30 անգամ փորձ ըրած էր։ Ան պատասխանեց. «Չէ. ես ամէն օր շուրջ 30 անգամ փորձ կ’ընէի»։ Մէկ ամիսէ ի վեր Քինկզլին կը նստէր գորգի մը վրայ եւ կրկին անգամ կը կարդար գրութիւնը, մինչեւ որ գոց սորվեցաւ զայն։
Եկաւ իր նշանակումին օրը։ Երբ Քինկզլին իր բաժինը վերջացուց, ժողովքը խանդավառօրէն ծափահարեց, եւ շատեր այս նոր աշակերտին հաստատամտութիւնը տեսնելով լացին։ Հրատարակչուհի մը, որ ջղագրգռութեան պատճառով դադրած էր բաժին տալէ, խնդրեց որ դպրոցին մէջ դարձեալ արձանագրուի։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Եթէ Քինկզլին կրնայ ընել, ուրեմն ե՛ս ալ կրնամ»։
Երեք տարի սերտելէ ետք, Քինկզլին 6 սեպտեմբեր 2008–ին Եհովային իր նուիրումը խորհրդանշեց ջուրի մկրտութեամբ։ Ան Եհովային հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր մահը՝ 13 մայիս 2014–ին։ Քինկզլին համոզուած էր, որ երկրային Դրախտին մէջ՝ ամբողջ զօրութեամբ եւ կատարեալ առողջութեամբ պիտի շարունակէ իր հաւատարիմ ծառայութիւնը (Եսա. 35։5, 6. Փոլ ՄքՄէնըսի կողմէ պատմուած)։
^ պարբ. 4 1995–ին հրատարակուեցաւ, բայց այժմ սպառած է։