Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Սնոտի բաներ»ը մերժէ՛

«Սնոտի բաներ»ը մերժէ՛

«Սնոտի բաներ»ը մերժէ՛

«Սնոտի բաներու հետամուտ եղողը պակասամիտ է»։—ԱՌ. 12։11, ԱՎ

1. Ի՞նչ են մեր ունեցած կարգ մը արժէքաւոր բաները, եւ զանոնք գործածելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։

ՈՐՊԷՍ Քրիստոնեաներ, բոլորս ալ զանազան արժէքաւոր բաներ ունինք, ինչպէս՝ որոշ չափով առողջութիւն եւ կորով, բնածին մտային կարողութիւններ կամ նիւթական միջոցներ։ Որովհետեւ Եհովան կը սիրենք, ուրախութեամբ այդ բաները իր ծառայութեան մէջ կը գործածենք, ներշնչեալ յորդորին ընդառաջելով. «Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ»։—Առ. 3։9

2. Աստուածաշունչը սնոտի բաներու նկատմամբ ի՞նչ ազդարարութիւն կու տայ, եւ անիկա բառացիօրէն ի՞նչպէս կը կիրարկուի։

2 Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը նաեւ կը խօսի սնոտի կամ անարժէք բաներու մասին եւ կը զգուշացնէ որ մեր նիւթական միջոցները չվատնենք՝ անոնց հետամուտ ըլլալով։ Այս առնչութեամբ, նկատի առ Առակաց 12։11–ի խօսքերը (ԱՎ). «Իր հողը մշակողը հացով կը կշտանայ. բայց սնոտի բաներու հետամուտ եղողը պակասամիտ է»։ Դժուար չէ տեսնել թէ այս առակը բառացիօրէն ի՛նչպէս կը կիրարկուի։ Եթէ մարդ մը իր ընտանիքին հոգ տանելու համար ծանր աշխատի, հաւանական է որ որոշ չափով նիւթական ապահովութիւն ձեռք ձգէ։ (Ա. Տիմ. 5։8) Սակայն եթէ իր նիւթական միջոցները վատնէ սնոտի բաներու հետամուտ ըլլալով, ան ցոյց կու տայ թէ «պակասամիտ է», հաւասարակշռուած դատողութիւն ու շիտակ շարժառիթ չունի։ Շատ հաւանական է որ այսպիսի անհատ մը կարօտութիւն պիտի քաշէ։

3. Սնոտի բաներու վերաբերեալ աստուածաշնչական ազդարարութիւնը ի՞նչպէս մեր պաշտամունքին կը կիրարկուի։

3 Առակին սկզբունքը մեր պաշտամունքին կիրարկելով, կը նկատենք թէ ժրաջանօրէն ու հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայող Քրիստոնեան իսկական ապահովութիւն կը վայելէ։ Ան վստահ է թէ Աստուծոյ օրհնութիւնը իր վրայ է եւ ապագային համար անխախտ յոյս ունի։ (Մատ. 6։33. Ա. Տիմ. 4։10) Իսկ սնոտի բաներով մտացիր եղող Քրիստոնեան, Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի իր հեռանկարը կը վտանգէ։ Ասկէ ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ։ Մեր կեանքին մէջ պէտք է զատորոշենք այն բաները, որոնք «սնոտի» կամ արժէքազուրկ են, եւ զանոնք մերժելու վճռականութիւն մշակենք։—Կարդալ՝ Տիտոս 2։11, 12

4. Ընդհանրական իմաստով, ի՞նչ բաներ սնոտի են։

4 Ի՞նչ բաներ սնոտի են։ Ընդհանրական իմաստով, որեւէ բան որ թոյլ չի տար որ բոլորանուէր կերպով Եհովայի ծառայենք։ Օրինակ, անոնք կրնան պարփակել զբօսանքի զանազան կերպեր։ Հարկաւ զբօսանքը իր տեղը ունի։ Բայց երբ մեր պաշտամունքին առնչուող գործունէութիւններուն հաշւոյն ժամանցի համար շատ ժամանակ վատնենք, զբօսանքը սնոտի բան մը կը դառնայ, մեր հոգեւոր բարօրութեան վնաս հասցնելով։ (Ժող. 2։24. 4։6) Ասկէ խուսափելու համար, Քրիստոնեան հաւասարակշռութիւն կը մշակէ, ուշադրութեամբ քննելով թէ իր արժէքաւոր ժամանակը ի՛նչպէս կը գործածէ։ (Կարդալ՝ Կողոսացիս 4։5) Սակայն կան սնոտի բաներ, որոնք զբօսանքէն շատ աւելի վտանգաւոր են, ինչպէս՝ չաստուածները։

Սնոտի չաստուածները մերժէ

5. Աստուածաշունչը յաճախ «սնոտի» բառը ի՞նչպէս կը կիրարկէ։

5 Հետաքրքրական է թէ բնագիր Եբրայերէնի մէջ «սնոտի» բառը ընդհանրապէս կիրարկուած է չաստուածներու։ Օրինակ, Եհովա Իսրայէլի ըսաւ. «Դուք ձեզի [«սնոտի», ՆԱ] չաստուածներ ու կուռքեր մի՛ շինէք եւ ձեզի արձաններ մի՛ կանգնեցնէք եւ ձեր երկրին մէջ պատկերաւոր կոթող մի՛ դնէք՝ անոր երկրպագութիւն ընելու համար»։ (Ղեւ. 26։1) Դաւիթ թագաւոր գրեց. «Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի, անիկա ամէն աստուածներու վրայ ահաւոր է։ Վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր [«սնոտի չաստուածներ», ՆԱ] են, բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց»։—Ա. Մնաց. 16։25, 26

6. Չաստուածները ինչո՞ւ սնոտի են։

6 Ինչպէս Դաւիթ նշեց, մենք Եհովայի մեծութիւնը ապացուցանող բաներով շրջապատուած ենք։ (Սաղ. 139։14. 148։1-10) Եհովայի հետ ուխտեալ յարաբերութեան մը մէջ ըլլալը Իսրայելացիներուն համար մեծ առանձնաշնորհում մըն էր։ Անոնք ո՜րքան անմտութեամբ վարուեցան, երբ իրմէ հեռանալով կուռքերու եւ արձաններու երկրպագութիւն ըրին։ Տագնապի ժամանակ բացայայտ եղաւ թէ անոնց չաստուածները իրապէս արժէքազուրկ էին, անկարող՝ իրենք զիրենք եւ իրենց երկրպագուները փրկելու։—Դատ. 10։14, 15. Եսա. 46։5-7

7, 8. «Մամոնան» ի՞նչպէս կրնայ չաստուածի մը նման ըլլալ։

7 Ներկայիս բազմաթիւ երկիրներու մէջ, մարդիկ տակաւին մարդակերտ արձաններու երկրպագութիւն կ’ընեն, եւ այս չաստուածները նո՛յնքան անօգուտ են՝ որքան անցեալին։ (Ա. Յովհ. 5։21) Սակայն Աստուածաշունչը կուռքերու կողքին ուրիշ բաներ ալ չաստուածներ կը կոչէ։ Օրինակ, նկատի առ Յիսուսի սա խօսքերը. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։—Մատ. 6։24

8 «Մամոնան» ի՞նչպէս կրնայ չաստուածի մը նման ըլլալ։ Լուսաբանենք. վաղեմի Իսրայէլի մէկ դաշտին մէջ եղող քար մը կրնար տունի մը կամ ցանկապատի մը շինութեան պիտանի ըլլալ։ Միւս կողմէ, եթէ անիկա զետեղուէր իբր «արձան» կամ «պատկերաւոր կոթող», Եհովայի ժողովուրդին գայթակղութիւն կը պատճառէր։ (Ղեւ. 26։1) Նմանապէս, դրամը իր տեղը ունի։ Անիկա ապրուստի միջոց է, եւ կրնանք զայն օգտակար կերպով գործածել Եհովայի ծառայութեան մէջ։ (Ժող. 7։12. Ղուկ. 16։9) Բայց եթէ դրամի հետապնդումը մեր քրիստոնէական ծառայութենէն առաջ դասենք, մեզի համար դրամը չաստուած մը կը դառնայ։ (Կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Այս աշխարհին մէջ, ուր հարստութեան հետամուտ ըլլալը մարդոց համար չափազանց կարեւոր է, վստահ պէտք է ըլլանք որ այս հարցին շուրջ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կը պահպանենք։—Ա. Տիմ. 6։17-19

9, 10. (ա) Քրիստոնեան ուսումը ի՞նչպէս կը նկատէ։ (բ) Բարձրագոյն ուսման վտանգներէն մէկը ի՞նչ է։

9 Ուրիշ օրինակ մըն է աշխարհիկ ուսումը, որ օգտակար է, բայց կրնայ սնոտի բան մը դառնալ։ Կ’ուզենք որ մեր զաւակները ուսեալ ըլլան, որպէսզի կարենան իրենց ապրուստը ճարել։ Աւելի կարեւորը, ուսեալ Քրիստոնեան աւելի կարող է Աստուածաշունչը հասկնալով կարդալու, խնդիրներու շուրջ տրամաբանելու եւ շիտակ եզրակացութիւններու յանգելու, եւ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները յստակ ու համոզիչ կերպով սորվեցնելու։ Լաւ ուսում ստանալը ժամանակ կ’առնէ, բայց ժամավաճառութիւն չէ։

10 Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել բարձրագոյն ուսման մասին, որ քոլէճի կամ համալսարանի մէջ կը տրուի։ Շատեր զայն յաջողութեան համար էական կը նկատեն։ Բայց անոր հետամուտ եղողներէն շատեր ի վերջոյ իրենց միտքը վնասակար պրոպականդով կը լեցնեն։ Բարձրագոյն ուսումը երիտասարդութեան թանկարժէք տարիներ կը սպառէ, որոնք կրնան Եհովայի ծառայութեան մէջ գործածուիլ։ (Ժող. 12։1) Զարմանալի չէ որ այն երկիրներուն մէջ, ուր շատեր բարձրագոյն ուսում ստացած են, Աստուծոյ գոյութեան չհաւատալը որեւէ ժամանակէ աւելի համատարած է։ Ապահովութեան համար այս աշխարհի բարձրագոյն ուսման դրութիւններուն ապաւինելու տեղ, Քրիստոնեան Եհովայի կը վստահի։—Առ. 3։5

Թոյլ մի՛ տար որ մարմնաւոր ցանկութիւնը չաստուած մը դառնայ

11, 12. Պօղոս ինչո՞ւ ոմանց մասին ըսաւ. ‘Անոնց աստուածը իրենց որովայնն է’։

11 Փիլիպպեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ կը նշէ այլ բան մըն ալ, որ կրնայ չաստուած դառնալ։ Խօսելով նախապէս հաւատակիցներ եղողներու մասին, ան կ’ըսէ. «Շատեր կը քալեն, որոնց համար շատ անգամ ձեզի կ’ըսէի եւ հիմա լալով ալ կը խօսիմ, այսինքն Քրիստոսին խաչին թշնամիներուն համար. որոնց վերջը կորուստ է, որոնց աստուածը իրենց որովայնն է . . . , որոնք միայն երկրաւոր բաներուն վրայ կը մտածեն»։ (Փիլ. 3։18, 19) Անհատի մը որովայնը կամ ստամոքսը ի՞նչպէս աստուած մը կրնայ ըլլալ։

12 Այնպէս կը թուի թէ Պօղոսի այս ծանօթներուն համար, մարմնաւոր ցանկութիւններուն անձնատուր ըլլալու փափաքը աւելի կարեւոր դարձաւ, քան՝ Պօղոսի կողքին Եհովայի ծառայելը։ Թերեւս ոմանք չափազանց կ’ուտէին կամ կը խմէին, որկրամոլութեան կամ գինովութեան աստիճան։ (Առ. 23։20, 21. համեմատել՝ Բ. Օրինաց 21։18-21) Կրնայ ըլլալ որ ոմանք ընտրեցին առաջին դարու աշխարհին մէջ մատչելի պատեհութիւններէն լիովին օգտուիլ եւ այսպէս Եհովայի ծառայելէ շեղեցան։ Բնաւ թոյլ չտանք որ այդպէս կոչուած լաւ կեանքին հանդէպ ցանկութիւն մը պատճառ ըլլայ որ Եհովայի մատուցած մեր անձնուէր ծառայութեան մէջ դանդաղինք։—Կող. 3։23, 24

13. (ա) Ի՞նչ է ագահութիւնը եւ Պօղոս զայն ի՞նչպէս նկարագրեց։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք ագահութենէ զգուշանալ։

13 Պօղոս նաեւ նշեց սուտ պաշտամունքի այլ երեսակ մը։ Ան գրեց. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է»։ (Կող. 3։5) Ագահութիւնը՝ մեր չունեցած բանին հանդէպ զօրաւոր ցանկութիւն մըն է։ Անիկա կրնայ նիւթական բաներու հանդէպ ըլլալ։ Անիկա նոյնիսկ կրնայ պարփակել ապօրինի սեռային ցանկութիւնը։ (Ել. 20։17) Զգաստացուցիչ չէ՞ խորհիլ թէ այսպիսի ցանկութիւններ համահաւասար են կռապաշտութեան, չաստուած մը պաշտելուն։ Յիսուս վառ նկարագրութիւն մը գործածեց, ցոյց տալու թէ ո՜րքան կարեւոր է այսպիսի սխալ ցանկութիւններ ամէն գնով հակակշռի տակ առնել։—Կարդալ՝ Մարկոս 9։46. Ա. Յովհ. 2։16

Սնոտի խօսքերէ զգուշացիր

14, 15. (ա) Ի՞նչ «սնոտի» բան Երեմիայի ժամանակակիցներէն շատեր մոլորեցուց։ (բ) Մովսէսի խօսքերը ինչո՞ւ արժէքաւոր էին։

14 Սնոտի բաները կրնան խօսքեր պարփակել։ Օրինակ, Եհովա Երեմիայի ըսաւ. «Մարգարէները իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն։ Զանոնք ես չղրկեցի եւ անոնց չհրամայեցի ու անոնց չխօսեցայ։ Անոնք ձեզի սուտ տեսիլքներ, սնոտի գուշակութիւններ եւ իրենց սրտին խաբէութիւնները կը մարգարէանան»։ (Երեմ. 14։14) Այդ սուտ մարգարէները կը դաւանէին Եհովայի անունով խօսիլ, բայց յառաջ կը մղէին իրենց անձնական գաղափարները, իրենց իմաստութիւնը։ Ուստի անոնց խօսքերը «սնոտի» էին։ Անոնք անարժէք էին եւ իսկական հոգեւոր սպառնալիք մը հանդիսացան։ Հ.Դ.Ա. 607–ին, այսպիսի սնոտի խօսքերու ականջ տուողներէն շատեր Բաբելոնացի զինուորներուն ձեռքով վաղահաս մահ ունեցան։

15 Միւս կողմէ, Մովսէս Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը, որ այսօր ձեզի իբր վկայութիւն բերի . . . ։ Քանզի ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է ու այս բանով երկայնակեաց պիտի ըլլաք այն երկրին մէջ, որուն համար Յորդանանէն կ’անցնիք զանիկա ժառանգելու»։ (Բ. Օր. 32։46, 47) Արդարեւ Մովսէսի խօսքերը Աստուծմէ ներշնչուած էին։ Հետեւաբար անոնք ազգին բարօրութեան համար արժէքաւոր ու էական էին։ Անոնց ուշադրութիւն ընծայողները երկար կեանք ու բարգաւաճութիւն վայելեցին։ Թող միշտ սնոտի խօսքերը մերժենք եւ ճշմարտութեան արժէքաւոր խօսքերուն կառչինք։

16. Ի՞նչպէս կը նկատենք գիտնականներու խօսքերը, որոնք Աստուծոյ Խօսքին կը հակասեն։

16 Ներկայիս սնոտի խօսքեր կը լսե՞նք։ Այո՛։ Օրինակ, կարգ մը գիտնականներ կ’ըսեն թէ բարեշրջութեան տեսութիւնը եւ զանազան մարզերու մէջ գիտական գիւտերը ցոյց կու տան թէ այլեւս Աստուծոյ հաւատալու հարկ չկայ, թէ ամէն բան կրնայ բնական ընթացքով բացատրուիլ։ Այսպիսի յոխորտ խօսքեր մեզ պէ՞տք է հետաքրքրեն։ Անշուշտ ո՛չ։ Մարդկային իմաստութիւնը աստուածային իմաստութենէն տարբեր է։ (Ա. Կոր. 2։6, 7) Մենք գիտենք թէ երբ մարդկային ուսուցումները Աստուծոյ յայտնած բաներուն կը հակասեն, միշտ մարդկային ուսուցումներն են որ սխալ են։ (Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 3։4) Հակառակ կարգ մը մարզերու մէջ գիտութեան յառաջդիմութեան, տակաւին շիտակ է մարդկային իմաստութեան վերաբերեալ Աստուածաշունչին ըսածը. «Այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է»։ Աստուծոյ անսահման իմաստութեան հետ համեմատած, մարդկային իմաստութիւնը ունայն է։—Ա. Կոր. 3։18-20

17. Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդներուն ու հաւատուրացներուն խօսքերը ի՞նչպէս պէտք է նկատուին։

17 Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդներն ալ սնոտի խօսքեր կ’ըսեն։ Անոնք կը դաւանին թէ Աստուծոյ անունով կը խօսին, բայց իրենց խօսքերուն մեծամասնութիւնը Սուրբ Գրութիւններուն վրայ հիմնուած չէ, եւ ի՛նչ որ կ’ըսեն՝ հիմնականօրէն փուճ է։ Հաւատուրացներն ալ սնոտի բաներ կը խօսին, դաւանելով թէ աւելի մեծ իմաստութիւն ունին քան՝ նշանակուած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ (Մատ. 24։45-47) Սակայն հաւատուրացները իրե՛նց իմաստութիւնը կ’արտայայտեն, եւ անոնց խօսքերը սնոտի են, կը գայթակղեցնեն մտիկ ընողները։ (Ղուկ. 17։1, 2) Ի՞նչպէս կրնանք չմոլորիլ։

Սնոտի խօսքերը ի՛նչպէս մերժել

18. Ա. Յովհաննէս 4։1–ի խրատը ի՞նչ կերպերով կրնանք կիրարկել։

18 Տարեց Յովհաննէս առաքեալ այս առնչութեամբ ընտիր խրատ տուաւ։ (Կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 4։1) Յովհաննէսի խրատին հետ ներդաշնակ, քարոզչութեան մէջ մեր հանդիպած անհատները միշտ կը քաջալերենք որ իրենց սորված բաները ստուգեն, զանոնք Աստուածաշունչին հետ բաղդատելով։ Ասիկա մեզի համար ալ օգտակար կանոն մըն է։ Եթէ մեր ականջին խօսքեր հասնին, որոնք ճշմարտութիւնը կը քննադատեն կամ ժողովքը, երէցները կամ ոեւէ եղբայր կը զրպարտեն, զանոնք անմիջապէս չենք ընդունիր։ Փոխարէն, հարց կու տանք. «Այս պատմութիւնը տարածողը Աստուածաշունչին ըսածներուն հետ ներդաշնակ կը վարուի՞։ Այս պատմութիւնները կամ դաւանութիւնները Եհովայի նպատակին յառաջացման կը ծառայե՞ն։ Անոնք ժողովքին խաղաղութեան կը նպաստե՞ն»։ Եղբայրութիւնը շինելու փոխարէն զայն քանդող որեւէ խօսք որ կը լսենք՝ սնոտի բան է։—Բ. Կոր. 13։10, 11

19. Երէցները ի՞նչպէս հոգ կը տանին որ իրենց խօսքերը սնոտի չըլլան։

19 Սնոտի խօսքերու առնչութեամբ, երէցներն ալ կարեւոր դաս մը կը սորվին։ Երբ խրատ պիտի տան, անոնք ի մտի կ’ունենան իրենց սահմանափակումները եւ չեն վստահիր իրենց անձնական գիտութեան։ Անոնք միշտ ուշադրութեան պէտք է յանձնեն Աստուածաշունչին ըսածը։ Ողջամիտ կանոն մը կը ներկայացնէ Պօղոս առաքեալի խօսքը. «Գրուածէն աւելի բան մը չխորհիլ»։ (Ա. Կոր. 4։6) Երէցները Աստուածաշունչին մէջ գրուածէն աւելի բան մը չեն մտածեր։ Իսկ ընդարձակ կիրարկումով, անոնք հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային հրատարակութիւններուն մէջ գրուած աստուածաշնչական խրատներէն անդին չեն երթար։

20. Ի՞նչ կերպերով մեզի օգնութիւն կը տրուի որ սնոտի բաները մերժենք։

20 Սնոտի բաները,– ըլլան «չաստուածներ», խօսքեր կամ այլ բաներ,– շատ վնասակար են։ Այս պատճառաւ, միշտ աղօթքով Եհովայի օգնութիւնն ու առաջնորդութիւնը կը խնդրենք, որպէսզի զանոնք զատորոշենք ու մերժենք։ Ասիկա ընելով, սաղմոսերգուին հետ կ’ըսենք. «Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէսզի սնոտի բան չտեսնեն եւ զիս քու ճամբուդ մէջ կենդանացուր»։ (Սաղ. 119։37) Յաջորդ յօդուածին մէջ նաեւ նկատի պիտի առնենք Եհովայի առաջնորդութիւնը ընդունելուն արժէքը։

Կրնա՞ս բացատրել

• Ընդհանրական իմաստով, ի՞նչ «սնոտի բաներ» պէտք է մերժենք։

• Ի՞նչպէս կրնանք թոյլ չտալ որ դրամը չաստուած մը ըլլայ։

• Մարմնաւոր ցանկութիւնները ի՞նչպէս կրնան կռապաշտութիւն ըլլալ։

• Ի՞նչպէս կրնանք սնոտի խօսքերը մերժել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 13]

Իսրայելացիներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ ‘իրենց հողը մշակեն’ եւ սնոտի բաներու հետամուտ չըլլան

[Նկար՝ էջ 15]

Բնաւ թոյլ մի՛ տար որ նիւթական բաներու ցանկութիւնը պատճառ ըլլայ որ Եհովայի ծառայութեան մէջ դանդաղիս