Աչքերդ մրցանակին վրայ սեւեռած պահէ
Աչքերդ մրցանակին վրայ սեւեռած պահէ
«Նպատակը դիտելով. . . մրցանակին կը վազեմ» (ՓԼՊ. 3։14)։
1. Պօղոս առաքեալին ի՞նչ մրցանակ ներկայացուած էր։
ՊՕՂՈՍ առաքեալ, որ նաեւ ճանչցուած է որպէս տարսոնցի Սօղոս, երեւելի ընտանիքէ մը եկած էր։ Ան իր նախահայրերուն կրօնքին մասին ուսում ստացած էր՝ մովսիսական օրէնքի հռչակաւոր ուսուցիչ Գամաղիէլի միջոցաւ (Գործք 22։3)։ Պօղոսի առջեւ ընտիր ասպարէզ մը բացուած էր. այսուհանդերձ ան իր կրօնքէն հրաժարեցաւ եւ քրիստոնեայ մը եղաւ։ Ան անձկագին սպասեց իրեն ներկայացուած յաւիտենական կեանքի մրցանակին,– Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ անմահ թագաւոր ու քահանայ ըլլալ։ Այդ Թագաւորութիւնը դրախտային երկրի վրայ պիտի իշխէ (Մատ. 6։10. Յայտ. 7։4. 20։6)։
2, 3. Պօղոս երկնային կեանքի մրցանակը ո՞րքան կ’արժեւորէր։
2 Ցոյց տալով թէ այդ մրցանակը ո՜րքան կ’արժեւորէր, Պօղոս ըսաւ. «Ինչ որ ինծի շահ էր, զանիկա Քրիստոսին համար վնաս սեպեցի։ Եւ իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ» (Փլպ. 3։7, 8)։ Բաներ, զորս մարդոց մեծամասնութիւնը կարեւոր կը սեպէ,– դիրք, հարստութիւն, ասպարէզ, համբաւ,– Պօղոս աղտեղութիւն սեպեց, մարդկութեան համար Եհովայի նպատակին մասին ճշմարտութիւնը սորվելէ ետք։
3 Անկէ ի վեր Պօղոսի համար կարեւորագոյն բանը՝ Եհովայի ու Քրիստոսի մասին թանկագին գիտութիւնն էր, որուն նկատմամբ Յիսուս աղօթքի մը մէջ ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհ. 17։3)։ Յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու Պօղոսի խոր փափաքը բացայայտ է Փիլիպպեցիս 3։14–ի մէջ, ուր կ’ըսէ. «Նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը վազեմ»։ Արդարեւ, անոր ուշադրութեան առանցքն էր՝ երկնքի մէջ յաւիտեան ապրելու մրցանակը, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան կառավարութեան մէկ անդամը։
Երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ
4, 5. Ներկայիս Աստուծոյ կամքը կատարող միլիոնաւորներու ի՞նչ մրցանակ ներկայացուած է։
4 Աստուծոյ կամքը կատարել ընտրողներուն մեծամասնութեան առջեւ դրուած է՝ աստուածակերտ նոր աշխարհին մէջ առյաւէտ ապրելու մրցանակը (Սաղ. 37։11, 29)։ Յիսուս հաստատեց, թէ ասիկա վաւերական յոյս մըն է։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատ. 5։5)։ Յիսուս մեր երկրագունդին գլխաւոր ժառանգորդն է, ինչպէս Սաղմոս 2։8–ը կը նշէ, եւ երկինքի մէջ 144,000 իշխանակիցներ պիտի ունենայ (Դան. 7։13, 14, 22, 27)։ Այն ոչխարանման անհատները, որոնք երկրի վրայ պիտի ապրին, ‘պիտի ժառանգեն’ Թագաւորութեան երկրային ծիրը, որ ‘աշխարհի սկիզբէն իրենց համար պատրաստուած է’ (Մատ. 25։34, 46)։ Եւ մեզի երաշխիք տրուած է, թէ ասիկա պիտի կատարուի,– «անսուտն Աստուած» զայն խոստացած է (Տիտ. 1։2)։ Աստուծոյ խոստումներուն կատարման նկատմամբ կրնա՛նք Յեսուի վստահութիւնը ունենալ, որ իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ» (Յես. 23։14)։
5 Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ կեանքը պիտի չըլլայ ներկայ անգոհացուցիչ կեանքին պէս։ Անիկա շատ տարբեր պիտի ըլլայ,– պատերազմէ, ոճիրէ, աղքատութենէ, անիրաւութենէ, հիւանդութենէ ու մահէ զերծ։ Այն ատեն մարդիկ կատարեալ առողջութիւն պիտի ունենան եւ դրախտի վերածուած երկրին վրայ պիտի ապրին։ Այդ կեանքը մեր երեւակայածէն շա՜տ աւելի իմաստալից ու գոհացուցիչ պիտի ըլլայ։ Այո, իւրաքանչիւր օր բերկրալի ու հաճոյալի պիտի ըլլայ։ Ի՜նչ սքանչելի մրցանակ։
6, 7. ա) Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ ի՛նչ որ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ տեղի պիտի ունենայ։ բ) Նոյնիսկ մեռելները ի՞նչ պիտի ստանան։
Յովհաննէս 5։5-9)։ Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս «կոյր ծնած» մարդու մը հանդիպեցաւ եւ զինք բուժեց։ Հետագային, երբ անոր հարցուեցաւ թէ զինք բուժողը ո՛վ էր, ան պատասխանեց. «Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած չէ որ մարդ մը կոյր ծնածի մը աչքերը բացած ըլլայ։ Եթէ Աստուծմէ չըլլար այն մարդը, բա՛ն մըն ալ չէր կրնար ընել» (Յովհ. 9։1, 6, 7, 32, 33)։ Յիսուս այս բոլորը կրցաւ ընել, քանի որ Աստուծմէ զօրութիւն ստացած էր։ Ան ո՛ւր որ երթար, ‘բժշկութեան կարօտ եղողները կը բժշկէր’ (Ղուկ. 9։11)։
6 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Աստուծոյ սուրբ հոգին զինք զօրացուց որ ցոյց տայ թէ նոր աշխարհին մէջ ի՛նչ սքանչելի բաներ տեղի պիտի ունենան։ Օրինակ, Յիսուս 38 տարիէ ի վեր անդամալոյծ եղող մարդու մը ըսաւ որ քալէ։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ թէ մարդը քալեց (կարդալ՝7 Յիսուս ո՛չ միայն հիւանդներն ու հաշմանդամները բժշկեց, այլ նաեւ՝ մեռելներ յարուցանեց։ Օրինակ, 12 տարեկան աղջնակ մը մահացած էր, իր ծնողքին մեծ վիշտ պատճառելով։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Աղջի՛կ, քեզի կ’ըսեմ, ելիր»։ Եւ անիկա ոտքի ելաւ։ Կրնա՞ս երեւակայել ծնողքին ու միւս ներկաներուն հակազդեցութիւնը (կարդալ՝ Մարկոս 5։38-42)։ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, մարդիկ ‘պիտի ապշին’, երբ միլիառաւորներ վերակենդանանան, քանի որ «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15. Յովհ. 5։28, 29)։ Կեանքի նոր սկիզբ պիտի տրուի անոնց, առյաւէտ ապրելու հեռանկարով։
8, 9. ա) Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Ադամէն ժառանգուած մեղքին ի՞նչ պիտի պատահի։ բ) Մեռելները ի՞նչ հիման վրայ պիտի դատուին։
8 Յարուցեալները ձախողութեան չեն դատապարտուած։ Անոնք իրենց մահէն առաջ իրենց գործած մեղքերուն համար պիտի չդատուին (Հռով. 6։7)։ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, մինչ փրկանքի զոհին օգուտները կը կիրարկուին, Թագաւորութեան հնազանդ հպատակները կատարելութեան պիտի հասնին, Ադամի մեղքին բոլոր ազդեցութիւններէն ամբողջովին զերծ ըլլալով (Հռով. 8։21)։ Եհովա «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ» (Եսա. 25։8)։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կ’ըսէ, թէ ‘գրքեր պիտի բացուին’, նշելով թէ այդ ժամանակ ապրողները նոր տեղեկութիւններ պիտի ստանան (Յայտ. 20։12)։ Մինչ երկրագունդը դրախտի կը վերածուի, «աշխարհի բնակիչները արդարութիւն [պիտի] սորվին» (Եսա. 26։9)։
9 Յարուցեալները պիտի դատուին ո՛չ թէ Ադամէ ժառանգուած մեղքին հիման վրայ, այլ՝ այն բաներուն համաձայն, զորս կ’ընտրեն ընել։ Յայտնութիւն 20։12–ը (ԱԾ) կ’ըսէ. «Մեռելները դատուեցան գիրքերուն մէջ գրուածներուն համաձայն, իրենց արարքներուն համեմատ», այսինքն՝ յարութենէն ետք իրենց ըրածները։ Եհովայի արդարութեան, ողորմութեան ու սիրոյն ի՜նչ սքանչելի օրինակ մը։ Ասկէ զատ, այս հին աշխարհին մէջ անոնց ունեցած ցաւալի բաները «պիտի չյիշուին ու [իրենց] միտքը պիտի չգան» (Եսա. 65։17)։ Շինիչ նոր տեղեկութիւններ ու բարի բաներով լեցուն կեանք մը ունենալով, անոնք այլեւս անցեալի գէշ բաներով պիտի չտառապին։ Անոնք կրնան այդ անցեալի փորձառութիւնները իրենց մտքէն հեռացնել (Յայտ. 21։4)։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ «մեծ բազմութեան» մասին, որոնք Արմագեդոնէն կը վերապրին (Յայտ. 7։9, 10, 14)։
10. ա) Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ կեանքը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։ բ) Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի աչքերդ մրցանակին վրայ սեւեռած պահես։
10 Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, մարդիկ պիտի կարենան ապրիլ առանց կրկին հիւանդանալու կամ մեռնելու։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսա. 33։24)։ Ի վերջոյ, նոր երկրին բնակիչները ամէն օր պիտի արթննան՝ կատարեալ առողջութիւն ունենալով ու հիանալի օր մը ակնկալելով,– գոհացուցիչ աշխատանք վայելել եւ իրենց լաւագոյն շահերը ի մտի ունեցող անհատներու ընկերակցիլ։ Արդարեւ այսպիսի կեանք մը հոյակապ մրցանակ է։ Կը թելադրենք որ Աստուածաշունչդ բանաս ու կարդաս Եսայի 33։24 եւ 35։5-7–ի մարգարէութիւնները։ Փորձէ դուն քեզ տեսնել այդ նկարագրութեան մէջ։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ աչքերդ մրցանակին վրայ սեւեռած պահելու։
Մրցանակը անտեսել
11. Սողոմոնի իշխանութեան լաւ սկիզբը նկարագրէ։
11 Մրցանակին մասին սորվելէ ետք, ժրաջանօրէն պէտք է աշխատինք մեր աչքերը անոր վրայ սեւեռած պահելու, քանի որ կրնանք զայն մոռնալ։ Օրինակ, երբ Սողոմոն վաղեմի Իսրայէլի Գ. Թագաւորաց 3։6-12)։ Ասոր վրայ, «Աստուած Սողոմոնին իմաստութիւն ու խիստ շատ հանճար եւ սրտի լիութիւն տուաւ»։ Արդարեւ, «Սողոմոնին իմաստութիւնը բոլոր արեւելքցիներուն իմաստութենէն ու Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութենէն աւելի էր» (Գ. Թագ. 4։29-32)։
թագաւորը եղաւ, աղօթքով խոնարհաբար Աստուծմէ խնդրեց հասկացողութիւն ու խորատեսութիւն, որպէսզի կարենար Իր ժողովուրդը շիտակ կերպով դատել (կարդալ՝12. Իսրայէլի թագաւորները Եհովայէ ի՞նչ զգուշացում ստացած էին։
12 Սակայն նախապէս Եհովա զգուշացուցած էր. «Թագաւորը իրեն համար ձիեր թող չշատցնէ. . . Նաեւ անիկա իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի» (Բ. Օր. 17։14-17)։ Իր ձիերը շատցնելը պիտի նշէր, թէ թագաւորը ազգը պաշտպանելու համար կ’ապաւինէր զինուորական ուժին, քան՝ Եհովայի, Պաշտպանին։ Իսկ իր կիները շատցնելը վտանգաւոր պիտի ըլլար, քանի որ անոնցմէ ոմանք կրնային սուտ պաշտամունքի միջամուխ եղող ազգերէն ըլլալ ու թագաւորը Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռացնել։
13. Սողոմոն ի՞նչպէս իրեն տրուած բաները անտեսեց։
13 Սողոմոն այդ ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն չընծայեց։ Փոխարէն, ան ըրաւ ի՛նչ որ Եհովա յատկապէս թագաւորներուն ըսած էր որ չընեն։ Ան հազարաւոր ձիեր ու ձիաւորներ հաւաքեց (Գ. Թագ. 4։26)։ Ան նաեւ 700 կին եւ 300 հարճ ունէր,– շատերը մօտակայ հեթանոս ազգերէն։ Ասոնք «անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ. . . կատարեալ չէր»։ Սողոմոն իր օտարազգի կիներուն հետեւած զզուելի սուտ պաշտամունքին միջամուխ եղաւ։ Որպէս արդիւնք, Եհովա Սողոմոնի ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ անշուշտ քեզմէ պիտի առնեմ» (Գ. Թագ. 11։1-6, 11)։
14. Սողոմոնի եւ իսրայէլ ազգին անհնազանդութեան հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
14 Սողոմոն այլեւս ճշմարիտ Աստուածը ներկայացնելու իր թանկարժէք առանձնաշնորհումին վրայ չկեդրոնացաւ։ Ան սուտ պաշտամունքին մէջ մխրճուեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին ամբողջ ազգը հաւատուրաց դարձաւ, եւ մ.թ.ա. 607–ին կործանեցաւ։ Թէեւ հրեաները ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատեցին, բայց դարեր ետք Յիսուս մղուեցաւ ըսելու. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ»։ Եւ ճիշդ ասիկա տեղի ունեցաւ։ Յիսուս ըսաւ. «Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ» (Մատ. 21։43. 23։37, 38)։ Անհաւատարիմ գտնուելով, ազգը ճշմարիտ Աստուածը ներկայացնելու մեծ առանձնաշնորհումը կորսնցուց։ Մ.թ. 70–ին, հռովմէական բանակները Երուսաղէմն ու անոր տաճարը քանդեցին, իսկ մնացեալ հրեաներէն շատեր ստրուկներ դարձան։
15. Իսկապէս կարեւոր բաները անտեսող կարգ մը մարդոց օրինակները նշէ։
15 Իսկարիովտացի Յուդան Յիսուսի 12 առաքեալներէն մէկն էր։ Յուդա Յիսուսի սքանչելի ուսուցումները լսեց եւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեամբ կատարուած հրաշքներուն ականատես եղաւ։ Այսուհանդերձ, Յուդա իր սիրտը չպահեց։ Անոր վստահուած էր գանձանակը, որ Յիսուսի եւ 12 առաքեալներուն դրամը կը պարունակէր։ Բայց ան «գող էր ու գանձանակը ինք կը պահէր եւ ինչ որ ձգուէր՝ ինք կը կրէր» (Յովհ. 12։6)։ Անոր ընչաքաղցութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ ան կեղծաւոր աւագ քահանաներուն հետ դաւեց Յիսուսը մատնել 30 կտոր արծաթի փոխարէն (Մատ. 26։14-16)։ Պօղոս առաքեալի ընկերակիցը՝ Դեմաս ալ իր սեւեռումը կորսնցուց, սիրտը չպահելով։ Պօղոս ըսաւ. «Դեմասը զիս թողուց ու աշխարհը սիրեց» (Բ. Տիմ. 4։10. կարդալ՝ Առակաց 4։23)։
Դաս մը՝ իւրաքանչիւրիս համար
16, 17. ա) Մեր դիմագրաւած հակառակութիւնը ո՞րքան զօրաւոր է։ բ) Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել Սատանայի կողմէ մեր վրայ եկած որեւէ բանի տոկալու։
16 Աստուծոյ բոլոր ծառաները լրջօրէն պէտք է նկատի առնեն Աստուածաշունչին բովանդակած օրինակները, քանի որ մեզի կ’ըսուի. «Այդ Ա. Կոր. 10։11, ԱԾ)։ Այսօր, իրերու ներկայ ամբարիշտ դրութեան վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմ. 3։1, 13)։
բոլոր բաները կը պատահէին անոնց՝ իբր տիպար, եւ գրուեցան խրատելու համար մեզ՝ որ հասած ենք դարերու վախճանին» (17 «Այս աշխարհի աստուածը»՝ Բանսարկուն, գիտէ թէ «քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Բ. Կոր. 4։4. Յայտ. 12։12)։ Ան իր ամբողջ կարելին պիտի ընէ Եհովայի ծառաները հրապուրելու, որ իրենց քրիստոնէական ուղղամտութիւնը բեկանեն։ Սատանան այս աշխարհը կը ղեկավարէ, ի ներառեալ՝ անոր քարոզչական խողովակները։ Սակայն Եհովայի ժողովուրդը շա՜տ աւելի զօրաւոր բան մը ունի,– «սովորականը գերազանցող զօրութիւնը» (Բ. Կոր. 4։7, ՆԱ)։ Կրնանք Աստուծոյ հայթայթած այս զօրութեան ապաւինիլ, որ մեզի օգնէ Սատանայի կողմէ մեր վրայ եկած որեւէ բանի տոկալու։ Ուստի մեզի յորդոր տրուած է որ յարատեւաբար աղօթենք, վստահ ըլլալով թէ Եհովա «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ. 11։13)։
18. Այս ներկայ աշխարհին հանդէպ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։
18 Նաեւ կ’ամրապնդուինք գիտնալով, թէ Սատանայի ամբողջ դրութիւնը մօտ ատենէն պիտի կործանի, բայց ճշմարիտ քրիստոնեաները պիտի վերապրին։ «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհ. 2։17)։ Ասոր ի տես, ո՜րքան անխոհեմութիւն է որ Աստուծոյ ծառաներէն մէկը խորհի, թէ իրերու այս դրութեան մէջ կայ բան մը, որ կրնայ աւելի մնայուն արժէք ունենալ, քան՝ Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը։ Սատանայի տիրապետած այս աշխարհը՝ ընկղմող նաւու մը նման է։ Եհովա քրիստոնէական ժողովքը որպէս «փրկանաւ» հայթայթած է՝ իր հաւատարիմ ծառաներուն համար։ Մինչ անոնք դէպի նոր աշխարհ կ’ուղղուին, կրնան սա խոստումին վստահիլ. «Չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն» (Սաղ. 37։9)։ Հետեւաբար, աչքերդ այս սքանչելի մրցանակին վրայ սեւեռած պահէ։
Կը յիշե՞ս
• Պօղոս իրեն ներկայացուած մրցանակին հանդէպ ի՞նչ զգաց։
• Անոնք որ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին, ի՞նչ հիման վրայ պիտի դատուին։
• Այժմ քեզի համար ո՞րն է իմաստուն ընթացքը։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]