Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Անոր մէջ պահուած’ գանձեր գտնել

‘Անոր մէջ պահուած’ գանձեր գտնել

‘Անոր մէջ պահուած’ գանձեր գտնել

«Որուն մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են» (ԿՈՂ. 2։3

1, 2. ա) 1922–ին ի՞նչ ձեռագործ իրեր յայտնաբերուեցան, եւ այժմ ո՞ւր կը գտնուին։ բ) Աստուծոյ Խօսքը ամէն ոքի ի՞նչ հրաւէր կը ներկայացնէ։

ՊԱՀՈՒԱԾ գանձերու յայտնաբերումները, յաճախ լրագիրներու գլխաւոր լուրը կազմած են։ Օրինակ, 1922–ին, տասնեակ տարիներ անախորժ պայմաններու ներքեւ անխոնջօրէն աշխատելէ ետք, բրիտանացի հնախոյզ Հաուըրտ Գարթըր ուշագրաւ յայտնաբերում մը կատարեց։ Ան գտաւ Թութանխամոն փարաւոնի արքայական գերեզմանը, որուն մէջ շուրջ 5000 իրեր կային։

2 Գարթըրի հոյակապ յայտնաբերումէն ետք, գտնուած ձեռագործ իրերուն մեծամասնութիւնը թանգարաններու մէջ դրուեցաւ կամ անձնական հաւաքածոներու մաս կազմեց։ Անոնք որոշ պատմական կամ արուեստագիտական արժէք կը ներկայացնեն, բայց մեր առօրեային վրայ քիչ կամ ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունին։ Սակայն Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հրաւիրէ, որ փնտռենք գանձեր, որոնք իրապէս մեզի կ’ազդեն։ Հրաւէրը բոլորին տրուած է, իսկ վարձատրութիւնը շա՜տ աւելի արժէքաւոր է, քան՝ որեւէ նիւթական գանձ (կարդալ՝ Առակաց 2։1-6

3. Այն գանձերը, զորս Եհովա իր երկրպագուները կը յորդորէ որ փնտռեն, ի՞նչ կերպերով օգտակար են։

3 Նկատի առ այն գանձերուն արժէքը, զորս Եհովա իր երկրպագուները կը յորդորէ որ փնտռեն։ Անոնցմէ մէկն է՝ «Տէրոջը վախը», որ այս վտանգաւոր ժամանակներուն մէջ կրնայ մեզ պաշտպանել (Սաղ. 19։9)։ «Աստուծոյ գիտութիւնը» գտնելը կրնայ առաջնորդել մեծագոյն պատիւին,– Բարձրեալին հետ անձնական սերտ յարաբերութիւն ունենալ։ Իսկ աստուածատուր իմաստութեան, գիտութեան եւ խորատեսութեան գանձերով, պիտի կարենանք մեր ամէնօրեայ խնդիրներուն ու հարցերուն հետ գլուխ ելլել (Առ. 9։10, 11)։ Ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի թանկագին գանձեր գտնել։

Հոգեւոր գանձեր գտնել

4. Հոգեւոր գանձերու առնչութեամբ ի՞նչ ուղղութիւններ ունինք։

4 Հնագէտներու եւ երկրախոյզներու հակառակը, որոնք յաճախ ստիպուած են ամէնուրեք իրենց գանձերը փնտռել, մենք ճշգրտօրէն գիտենք թէ հոգեւոր գանձերը ո՛ւր կրնանք գտնել։ Աստուծոյ Խօսքը, քարտէսի մը նման, մեզի ցոյց կու տայ թէ ո՛ւր պիտի կարենանք Աստուծոյ խոստացած գանձերը գտնել։ Քրիստոսի ակնարկելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Որուն մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են» (Կող. 2։3)։ Ուստի կրնանք հարց տալ. ‘Ինչո՞ւ այս գանձերը պէտք է փնտռենք։ Անոնք ի՞նչպէս Քրիստոսի մէջ «պահուած» են։ Եւ զանոնք ի՞նչպէս կը գտնենք’։ Պատասխանները առնելու համար, առաքեալին խօսքերը աւելի մօտէն քննենք։

5. Պօղոս ինչո՞ւ հոգեւոր գանձերու մասին գրեց։

5 Պօղոս այս խօսքերը գրեց Կողոսայի մէջ գտնուող իր հաւատակիցներուն։ Ան անոնց ըսաւ, թէ իրենց համար պայքար կը մղէր, որպէսզի ‘իրենց սիրտերը մխիթարուէին՝ սիրով միացած’ (կարդալ՝ Կողոսացիս 2։1, 2Ինչո՞ւ այս մտահոգութիւնը։ Ակներեւօրէն, Պօղոս տեղեակ էր որ եղբայրները թերեւս ազդուած էին ժողովքին կարգ մը անդամներէն, որոնք որոշ յունական փիլիսոփայութիւններ յառաջ կը մղէին կամ մովսիսական օրէնքը դարձեալ պահելը կը ջատագովէին։ Ան ուժգնօրէն եղբայրները ազդարարեց. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս» (Կող. 2։8

6. Ինչո՞ւ Պօղոսի խրատով պէտք է հետաքրքրուինք։

6 Ներկայիս, Սատանայէ եւ իր ամբարիշտ դրութենէն նոյնանման ազդեցութիւններ կը դիմագրաւենք։ Աշխարհային փիլիսոփայութիւնը, ի ներառեալ մարդկայնականութիւնը եւ բարեշրջութեան տեսութիւնը, կը կաղապարէ մարդոց մտածումը, բարոյականութիւնը, նպատակակէտերն ու կենսակերպը։ Սուտ կրօնքը՝ բազմաթիւ ժողովրդական տօներու մէջ հիմնական դեր կը խաղայ։ Ժամանցի ճարտարարուեստը կը կեդրոնանայ մարմնաւոր սխալ ցանկութիւններուն վրայ, իսկ համացանցին նիւթերուն մեծ մասը, թէ՛ անչափահասներուն եւ թէ չափահասներուն իսկական վտանգ կը ներկայացնէ։ Այս եւ այլ աշխարհային հոսանքներու յարատեւ ենթարկուիլը կրնայ դիւրաւ ազդել մեր զգացումներուն եւ Եհովայի տուած ուղղութեան հանդէպ մեր տեսակէտին, պատճառ ըլլալով որ իսկական կեանքը ամուր չբռնենք (կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 6։17-19Բացայայտ է որ եթէ չենք ուզեր Սատանայի խորամանկ հնարքներուն տեղի տալ, կողոսացիներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքերուն իմաստը պէտք է ըմբռնենք եւ իր խրատին անսանք։

7. Պօղոսի նշած ո՞ր երկու բաները կողոսացիներուն պիտի օգնէին։

7 Կը նկատենք որ Պօղոս իր մտահոգութիւնը յայտնելէ ետք, նշեց երկու բաներ, որոնք կողոսացիներուն պիտի օգնէին մխիթարուելու եւ սիրոյ մէջ միանալու։ Առաջին, ան նշեց «կատարեալ իմաստութիւն»ը կամ հասկացողութիւնը։ Անոնք պէտք էր լիովին համոզուէին, թէ Սուրբ Գրութիւններուն վերաբերեալ իրենց հասկացողութիւնը ճշգրիտ էր, որպէսզի իրենց հաւատքը հաստատ հիմի վրայ կերտուէր (Եբ. 11։1)։ Երկրորդ, ան նշեց ‘Աստուծոյ խորհուրդին գիտութիւնը’։ Անոնք ճշմարտութեան հիմնական գիտութեամբ պէտք չէր բաւարարուէին, հապա Աստուծոյ խորունկ բաները յստակօրէն պէտք էր ըմբռնէին (Եբ. 5։13, 14)։ Արդարեւ ողջամիտ խրատ մը՝ կողոսացիներուն եւ մեզի։ Սակայն ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի վստահութիւն եւ ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգել։ Պօղոս միջոցը նշեց, երբ Յիսուս Քրիստոսի մասին ըսաւ. «Որուն մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են»։

Քրիստոսի մէջ «պահուած» գանձեր

8. Ի՞նչ կը նշանակէ՝ Քրիստոսի մէջ «պահուած են»։

8 Երբ կ’ըսուի թէ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը Քրիստոսի մէջ «պահուած» են, ասիկա չի նշանակեր թէ անոնք անմատչելի են։ Փոխարէն, անիկա պարզապէս կը նշանակէ, թէ գանձերը գտնելու համար պէտք է անխոնջ ջանք թափենք եւ մեր ուշադրութիւնը Յիսուս Քրիստոսի դարձնենք։ Ասիկա ներդաշնակ է Յիսուսի խօսքին հետ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհ. 14։6)։ Այո, Աստուծոյ գիտութիւնը գտնելու համար, Յիսուսի հայթայթած օգնութեան եւ ուղղութեան կարիք ունինք։

9. Յիսուսի ի՞նչ դերեր նշանակուած են։

9 «Ճամբան» ըլլալէ զատ, Յիսուս ըսաւ թէ ինք «ճշմարտութիւնը եւ կեանքն» է։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ իր դերը շա՜տ աւելին է, քան՝ Հօրը մօտենալու միջոցը ըլլալ։ Յիսուս նաեւ ունի դերեր, որոնք կենսական են աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը հասկնալու եւ յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու։ Իրապէս, Յիսուսի մէջ պահուած են թանկարժէք հոգեւոր գոհարներ, զորս Աստուածաշունչի ուշադիր աշակերտներ երեւան պիտի հանեն։ Այժմ քննարկենք կարգ մը գոհարներ, որոնք ուղղակի առնչուած են մեր ապագայ հեռանկարներուն եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան։

10. Կողոսացիս 1։19 եւ 2։9–ն Յիսուսի մասին ի՞նչ կը յայտնեն։

10 «Մարմնապէս անոր մէջ կը բնակի Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը» (Կող. 1։19. 2։9)։ Անհամար դարեր իր երկնաւոր Հօր հետ ըլլալով, Յիսուս ոեւէ անհատէ աւելի գիտէ Աստուծոյ անձնաւորութիւնն ու կամքը։ Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս ուրիշներուն սորվեցուց ի՛նչ որ Հօրմէն սորված էր եւ իր արարքներով աստուածային յատկութիւններ արտացոլացուց։ Այս պատճառաւ Յիսուս կրնար ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։9)։ Աստուծոյ ամբողջ իմաստութիւնն ու գիտութիւնը պահուած են, կամ կը բնակին, Քրիստոսի մէջ, եւ Եհովայի մասին սորվելու ամենալաւ կերպն է՝ Յիսուսի մասին խոր գիտութիւն ստանալ։

11. Յիսուսի եւ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն միջեւ ի՞նչ կապ կայ։

11 «Անոր կը վկայեն բոլոր մարգարէները» (Գործք 10։43)։ Յիսուս Աստուածաշունչի շատ մը մարգարէութիւններուն կատարման մէջ գլխաւոր դերը ունի։ Ծննդոց 3։15–ի մէջ արձանագրուած Եհովայի առաջին մարգարէական յայտարարութենէն մինչեւ Յայտնութիւն գիրքին փառաւոր տեսիլքները, աստուածաշնչական մարգարէութիւնները կրնան ճշգրտօրէն հասկցուիլ, միայն երբ մեսիական Թագաւորութեան առնչութեամբ Յիսուսի դերը նկատի կ’առնուի։ Ասիկա կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ բազմաթիւ մարգարէութիւններ կը շփոթեցնեն զանոնք, որոնք Յիսուսը որպէս խոստացեալ Մեսիան չեն ընդունիր։ Ասիկա նաեւ կը բացատրէ, թէ Յիսուս ինչո՛ւ միայն կարկառուն անձնաւորութիւն կը թուի անոնց, որոնք չեն արժեւորեր Եբրայերէն Գրութիւնները, որոնք բազմաթիւ մեսիական մարգարէութիւններ կը բովանդակեն։ Յիսուսի վերաբերեալ գիտութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին կ’օգնէ, Աստուածաշունչի կատարուելիք մարգարէութիւններուն նշանակութիւնը հասկնալու (Բ. Կոր. 1։20

12, 13. ա) Յիսուս ի՞նչպէս «աշխարհի լոյսն» է։ բ) Կրօնական խաւարէն ազատագրուած ըլլալով, Քրիստոսի հետեւորդները ի՞նչ պարտաւորութիւն ունին։

12 «Ես եմ աշխարհի լոյսը» (կարդալ՝ Յովհաննէս 8։12. 9։5Յիսուսի ծնունդէն շա՜տ առաջ, Եսայի մարգարէն նախագուշակեց. «Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ» (Եսա. 9։2)։ Մատթէոս առաքեալ բացատրեց, թէ Յիսուս այս մարգարէութիւնը կատարեց, երբ սկսաւ քարոզել ու ըսել. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է» (Մատ. 4։16, 17)։ Յիսուսի ծառայութիւնը՝ ժողովուրդին բերաւ հոգեւոր լուսաւորում եւ սուտ կրօնական ուսուցումներու ստրկութենէն ազատում։ Յիսուս ըսաւ. «Ես իբր լոյս եկայ աշխարհ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ» (Յովհ. 1։3-5. 12։46

13 Տարիներ ետք, Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Թէեւ ատեն մը դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք Տէրոջմով. ուստի լոյսի որդիներու պէս քալեցէք» (Եփ. 5։8)։ Կրօնական խաւարի գերութենէն ազատագրուած ըլլալով, քրիստոնեաները պարտաւոր են լոյսի զաւակներու պէս ընթանալ։ Ասիկա ներդաշնակ է Յիսուսի խօսքին հետ, զոր Լերան քարոզին մէջ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է» (Մատ. 5։16)։ Յիսուսի մէջ գտած հոգեւոր գանձերդ կը գնահատե՞ս եւ զանոնք ուրիշներուն կը յանձնարարե՞ս՝ թէ՛ խօսքերովդ եւ թէ քրիստոնէական ընտիր վարքովդ։

14, 15. ա) Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ոչխարները եւ այլ անասուններ ի՞նչ դեր խաղցան ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ։ բ) Որպէս «Աստուծոյ Գառ» իր դերին մէջ Յիսուս ինչո՞ւ անբաղդատելի գանձ մըն է։

14 Յիսուս «Աստուծոյ Գառն» է (Յովհ. 1։29, 36)։ Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ, ոչխարները մեղքերու թողութեան եւ Աստուծոյ մօտենալուն մէջ աչքառու դեր խաղցած են։ Օրինակ, Աբրահամ իր որդին՝ Իսահակը զոհ մատուցանելու իր պատրաստակամութիւնը ցոյց տալէ ետք, անոր ըսուեցաւ որ Իսահակին վնաս չհասցնէ, եւ խոյ մը տրուեցաւ (Ծն. 22։12, 13)։ Երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ազատագրուեցան, ոչխարները դարձեալ նշանակալից դեր խաղցան՝ որպէս «Տէրոջը զատիկ»ին մէկ մասը (Ել. 12։1-13)։ Աւելին, մովսիսական օրէնքը անասնական զոհեր պարփակեց, ի ներառեալ՝ ոչխարներ եւ այծեր (Ել. 29։38-42. Ղեւ. 5։6, 7

15 Այս զոհերէն ո՛չ մէկը,– իրականութեան մէջ, մարդոց կողմէ մատուցուած ո՛չ մէկ զոհ,– կրնար մեղքէն ու մահէն մնայուն ազատում բերել (Եբ. 10։1-4)։ Միւս կողմէ, Յիսուս ‘Աստուծոյ Գառն է, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ’։ Այս իրողութիւնը ինքնին կը դարձնէ Յիսուսը գանձ մը, որ ցարդ գտնուած որեւէ նիւթական գանձ կը գերազանցէ։ Հետեւաբար, տեղին է որ ուշադրութեամբ փրկանքի նիւթը ուսումնասիրենք եւ այս սքանչելի կարգադրութեան հաւատք ընծայենք։ Ասիկա ընելով, կրնանք հոյակապ օրհնութիւն ու վարձատրութիւն ստանալ,– «պզտիկ հօտ»ը՝ երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ փառք ու պատիւ, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ը՝ երկրային դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք (Ղուկ. 12։32. Յովհ. 6։40, 47. 10։16

16, 17. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ հասկնանք Յիսուսի դերը որպէս ‘մեր հաւատքի Գլխաւոր Առաջնորդն ու Կատարելագործողը’։

16 Յիսուս ‘մեր հաւատքին առաջնորդն ու կատարողն’ է (կարդալ՝ Եբրայեցիս 12։1, 2Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս հմտօրէն քննարկեց հաւատքի նիւթը, համառօտ սահմանում տալով եւ օրինակելի այրեր ու կիներ թուելով, ինչպէս՝ Նոյ, Աբրահամ, Սառա եւ Ռախաբ։ Այս բոլորը ի մտի ունենալով, Պօղոս քրիստոնեաները յորդորեց. ‘Մեր աչքերը յառենք մեր հաւատքի Գլխաւոր Առաջնորդին ու Կատարելագործողին՝ Յիսուսին’ (ՆԱ)։ Ինչո՞ւ։

17 Թէեւ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ նշուած հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները Աստուծոյ խոստումին հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունէին, բայց մանրամասնօրէն չէին գիտեր թէ Աստուած Մեսիային ու Թագաւորութեան միջոցաւ ի՛նչպէս իր խոստումը պիտի կատարէր։ Այս առումով, անոնց հաւատքը անկատար էր։ Իրականութեան մէջ, նոյնիսկ անոնք՝ որոնք Եհովայի կողմէ գործածուեցան մեսիական մարգարէութիւնները գրի առնելու, իրենց գրածին նշանակութիւնը լիովին չըմբռնեցին (Ա. Պետ. 1։10-12)։ Միայն Յիսուսի միջոցաւ հաւատքը կրնայ կատարելագործուիլ։ Ո՜րքան անհրաժեշտ է, որ յստակօրէն հասկնանք ու զատորոշենք Յիսուսի դերը որպէս ‘մեր հաւատքի Գլխաւոր Առաջնորդն ու Կատարելագործողը’։

Շարունակէ փնտռել

18, 19. ա) Քրիստոսի մէջ պահուած այլ հոգեւոր գոհարներ թուէ։ բ) Հոգեւոր գանձերու համար, ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք Յիսուսի նայիլ։

18 Մարդկութեան փրկութեան վերաբերեալ Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի ունեցած թանկարժէք դերերէն ոմանք նկատի առինք։ Տակաւին Քրիստոսի մէջ պահուած այլ հոգեւոր գոհարներ կան։ Զանոնք գտնելով պիտի ուրախանանք եւ օգտուինք։ Օրինակ, Պետրոս առաքեալ Յիսուսը կոչեց «կենաց Առաջնորդը» եւ «լուսաստղ», որ կը ծագի (Գործք 3։15. 5։31. Բ. Պետ. 1։19, ՆԱ)։ Աստուածաշունչը նաեւ «Ամէն» արտայայտութիւնը կիրարկեց Յիսուսի (Յայտ. 3։14)։ Այս դերերուն նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը գիտե՞ս։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք» (Մատ. 7։7

19 Ամբողջ պատմութեան մէջ, Յիսուսէ զատ չկայ մէկը, որուն կեանքը ա՛յսքան իմաստալից է եւ սերտօրէն առնչուած է մեր յաւիտենական բարօրութեան։ Անոր մէջ կան հոգեւոր գանձեր, որոնք դիւրամատչելի են անոնց, որոնք ամբողջ սիրտով զանոնք կը փնտռեն։ Կը մաղթենք որ ‘անոր մէջ պահուած’ գանձերը գտնելու ուրախութիւնն ու օրհնութիւնը վայելես։

Կը յիշե՞ս

• Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է, որ ի՞նչ գանձեր փնտռեն։

• Կողոսացիներուն տրուած Պօղոսի խրատը ինչո՞ւ տակաւին յարմար է մեզի այսօր։

• Քրիստոսի մէջ «պահուած» կարգ մը հոգեւոր գանձերը թուէ ու բացատրէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 17]

Աստուածաշունչը քարտէսի մը պէս մեզ կ’առաջնորդէ Քրիստոսի մէջ «պահուած» գանձերուն