Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը մեր օրերուն համար ինչո՛ւ գործնական է

Աստուածաշունչը մեր օրերուն համար ինչո՛ւ գործնական է

Աստուածաշունչը մեր օրերուն համար ինչո՛ւ գործնական է

«Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Սուրբ գիրքերը օգտակար են. . . մարդս ճիշդ ճամբու մէջ դնելու. . . համար» (Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։16, Անթիլիաս)։

ԴԱՐԵՐՈՒ ընթացքին, Աստուածաշունչը այլազան մշակոյթներու պատկանող մարդիկ մղած է իրենց կենցաղը բարելաւելու։ Վերոնշեալ համարը կը բացատրէ, թէ Աստուածաշունչը այս ուղղութեամբ ինչո՛ւ ազդու է,– անոր իմաստութիւնը Աստուծմէ եկած է։ Մարդոց ձեռքով գրուած ըլլալով հանդերձ, Աստուածաշունչը մեզի կը հաղորդէ Աստուծոյ խորհուրդները։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան» (Բ. Պետրոս 1։21

Աստուածաշունչը առնուազն երկու կերպերով գործնական ուղեցոյց մըն է։ Առաջին, անիկա աւելի լաւ կենցաղի մը առնչութեամբ իրատես հայեցակէտ կը ներկայացնէ։ Երկրորդ, անիկա զօրութիւն ունի մարդիկը մղելու, որ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընեն, որպէսզի այդ աւելի լաւ կենցաղը ունենան։ Այժմ նկատի առնենք այս երկու երեսակները։

Խորատեսութեամբ գործնական նպատակակէտեր ընտրել

Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած սա խոստումը ըրաւ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ [«խորատեսութիւն պիտի տամ», ՆԱ] ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (Սաղմոս 32։8)։ Նկատի առ թէ Աստուած ո՛չ միայն խրատ կը մատուցանէ, այլեւ՝ խորատեսութիւն,– կացութեան մը խորքը թափանցելու կարողութիւն։ Երբ խորատեսութեամբ զատորոշենք, թէ ո՛ր նպատակակէտերը իրապէս օգտաշատ են, կրնանք մեր կեանքը անարժէք հետամտութիւններու համար չվատնել։

Օրինակ, շատեր երեւելիութիւնը կամ բարգաւաճութիւնը կը դարձնեն իրենց կեանքի նպատակակէտը։ Ինքնօգնութեան բազմաթիւ գիրքեր կը բացատրեն ի՛նչպէս ուրիշները գերազանցել ու հարստանալ կամ համբաւ շահիլ։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Մարդ իր ընկերին կը նախանձի։ Ասիկա. . . ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է», «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար» (Ժողովող 4։4. 5։10)։ Ներկայիս ատիկա գործնակա՞ն խրատ է։

Աստուածաշնչական խրատին գործնական ըլլալը լուսաբանելու համար, նկատի առնենք Ճափոնի մէջ ապրող Աքինորիի պարագան։ Խիստ մրցակցութիւնը յաղթահարելով, Աքինորի իր նպատակակէտը իրագործեց,– հանրածանօթ համալսարանէ մը շրջանաւարտ ըլլալ եւ անուանի հաստատութեան մը մէջ գործ գտնել։ Ամէն բան նպաստաւոր կերպով կ’ընթանար։ Այսուհանդերձ, իր յաջողութիւնը չառաջնորդեց իր յուսացած երջանկութեան։ Փոխարէն, ճնշուածութիւնն ու յոգնութիւնը իր առողջութիւնը քանդեցին։ Իր գործակիցները չկրցան զինք մխիթարել։ Յուսալքուած ըլլալով, ան ալքոլամոլ դարձաւ ու նոյնիսկ անձնասպանութեան մասին մտածեց։ Յետագային, ան սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Իր սորվածը պատճառ եղաւ, որ տարբեր տեսանկիւնէ դիտէ, թէ կեանքի մէջ ի՛նչ բաներ կարեւոր են։ Շատ չանցած, ճնշուածութեան առթած հիւանդութիւնները սկսան չքանալ։ Փոխանակ հպարտութենէ եւ փառասիրութենէ մղուելու, Աքինորի փորձառաբար շօշափեց աստուածաշնչական առակին ճշմարիտ ըլլալը. «Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է» (Առակաց 14։30

Ի՞նչ բան կը նկատես կեանքի ամէնէն գործնական նպատակակէտը։ Ի՞նչ իրագործում իսկապէս պիտի երջանկացնէ քեզ։ Յաջող ամուսնութիւն ունենա՞լը։ Զաւակներուդ կեանքի լաւ սկիզբ տա՞լը։ Շատ բարեկամներ ունենա՞լը։ Կեանքի մէջ ուրախ ըլլա՞լը։ Այս բոլորն ալ արժէքաւոր նպատակակէտեր են։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը զանոնք կը քաջալերէ, բայց ո՛չ որպէս մեր գլխաւոր նպատակը կեանքին մէջ։ Գործնական խորատեսութեամբ, Աստուածաշունչը գոհացուցիչ կենցաղի հիմնական մէկ պահանջը կը նշէ, երբ կ’ըսէ. «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է» (Ժողովող 12։13)։ Երբ անտեսենք այս պարտաւորութիւնը կատարել, կեանքը աննպատակ կը դառնայ ու յուսախաբութեան կը մատնուինք։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Տէրոջը ապաւինողը երանելի է» (Առակաց 16։20

Աստուածաշունչը ի՛նչպէս մարդիկը կը մղէ փոխուելու

«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ», գրեց Պօղոս առաքեալ։ Երկսայրի սուրի նման, անիկա կրնայ թափանցել անհատին ամենախոր մտածումներն ու դիտաւորութիւնները (Եբրայեցիս 4։12)։ Աստուածաշունչը մարդոց կենցաղը փոխելու զօրութիւն ունի, քանի որ անոնց կ’օգնէ իրենց իսկական ինքնութիւնը տեսնելու։ Եւ սրտի շիտակ վիճակ ունեցողները պիտի անդրադառնան, թէ փոփոխութիւններ ընելու կարիք ունին։ Օրինակ, վաղեմի Կորնթոսի մէջ եղող կարգ մը քրիստոնեաներու առնչութեամբ,– որոնք ատեն մը էին գողեր, գինեմոլներ, շնացողներ, եւ այլն,– Պօղոս ըսաւ. «Մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք. . . մեր Աստուծոյն Հոգիով» (Ա. Կորնթացիս 6։9-11)։ Այսօր ալ Եհովայի սուրբ հոգին գործօն եւ զօրաւոր է, եւ կրնայ մարդիկը մղել հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելու։

Եւրոպայի մէջ ապրող Մարիոն վայրագ մարդ մըն էր, որ մարիխուանա կը ծխէր ու կը ծախէր։ Առիթով մը, երբ ոստիկան մը իր թմրեցուցիչները բռնագրաւեց, ան զայրանալով ոստիկանին վրայ յարձակեցաւ ու անոր ինքնաշարժը խորտակեց։ Ասկէ զատ, Մարիոն անգործ էր եւ ծանր պարտքի տակ էր։ Իր դժուար կացութեան գիտակցելով, ան ընդունեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Երբ սկսաւ յառաջդիմել, Մարիոն իր դրսերեւոյթը շտկեց, թմրեցուցիչ գործածելն ու վաճառելը դադրեցուց, եւ իր բռնարարքներուն վերջ դրաւ։ Իր նախկին ապրելակերպը գիտցողներէն շատեր ապշեցան։ Անոնք իրեն ըսին. «Դուն իրապէս Մարիո՞ն ես»։

Ի՞նչ բան Աքինորիի եւ Մարիոյի նման անհատներ կը մղէ որ իրենց կենցաղը փոխեն ու կեանքի մէջ իսկական գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն գտնեն։ Բացայայտօրէն, անիկա Աստուծոյ մասին իրենց նորագիւտ գիտութիւնն է, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցաւ ձեռք կը ձգուի։ Միայն Աստուած կրնայ հայթայթել գործնական ցուցմունքներ, որոնք մեզի կ’օգնեն յաջող կեանք վարելու եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենալու։ Հօր մը նման, Եհովա Աստուած Աստուածաշունչին միջոցաւ մեզի կ’ըսէ. «Մտի՛կ ըրէ, որդեա՛կ իմ ու իմ խօսքերս ընդունէ եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի շատնան։ . . .Որպէս զի քալելու ատենդ ոտքիդ քայլերը չգայթին ու վազելու ատենդ չսահիս։ Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է» (Առակաց 4։10-13)։ Ո՞ր խրատը կրնայ աւելի գործնական ըլլալ, քան՝ մեր Ստեղծիչին տուած ուղղութիւնը։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 7]

Գործնական խրատներ ներկայ օրերուն համար

Աստուածաշունչը կու տայ հիմնական բայց գործնական սկզբունքներ, որոնք կրնան մեզ առաջնորդել արդի կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ։ Ահաւասիկ կարգ մը օրինակներ.

Ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ վայելել

«Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Մատթէոս 7։12

«Ուրիշը ձեզմէ գերազա՛նց համարեցէք» (Փիլիպպեցիս 2։3, ԱԾ

«Հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք» (Հռովմայեցիս 12։13

Կործանարար սովորութիւններ յաղթահարել

«Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ» (Առակաց 13։20

«Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն» (Առակաց 23։20

«Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ» (Առակաց 22։24

Կայուն ամուսնութիւն կերտել

«Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի» (Եփեսացիս 5։33

«Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով» (Կողոսացիս 3։12, 13

Երեխաներուն օգնել

«Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առակաց 22։6

«Դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփեսացիս 6։4

Վէճերէ խուսափիլ

«Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ» (Առակաց 15։1

«Պատուելու մէջ՝ զիրա՛ր գերադասեցէք» (Հռովմայեցիս 12։10, ԱԾ

Նոյնիսկ բարեկամներու միջեւ, առեւտուրի պատճառաւ ծագած վէճերէն յաճախ կարելի է խուսափիլ՝ համաձայնագիրներ կնքելով։ Աստուծոյ ծառան՝ Երեմիա նշեց. «Մուրհակ մը գրեցի ու կնքեցի ու վկաներ բռնեցի եւ արծաթը կշիռքով կշռեցի» (Երեմիա 32։10

Դրական տեսակէտ մշակել

«Ինչ որ ճշմարտութիւնով է. . . ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք» (Փիլիպպեցիս 4։8

Աստուածաշունչը բացասական խորհուրդներու վրայ կեդրոնանալը չի քաջալերեր եւ «քրթմնջողներ»ը կը մեղադրէ։ Անիկա կ’ըսէ. «Յոյսով ուրախ եղէ՛ք» (Յուդա 4, 16. Հռովմայեցիս 12։12

Այս ընտիր սկզբունքները կիրարկելով, պիտի կարենանք ո՛չ միայն խաղաղութիւն ու գոհունակութիւն վայելել, այլեւ Աստուծոյ պահանջներուն գոհացում տալ եւ իր օրհնութիւնը ստանալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29

[Նկարներ՝ էջ 5]

Աքինորին՝ երբ առեւտրական էր (ձախին), իսկ այժմ իր կնոջ հետ ուրախութեամբ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը կը քարոզէ