Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առասպել 2. Չարերը դժոխքին մէջ կը տառապին

Առասպել 2. Չարերը դժոխքին մէջ կը տառապին

Առասպել 2. Չարերը դժոխքին մէջ կը տառապին

Առասպելին ծագումը ի՞նչ է։ «Բոլոր յոյն դասական փիլիսոփաներուն մէջ, Պղատոն դժոխքի աւանդական տեսակէտներուն վրայ մեծագոյն ազդեցութիւնը ունեցած է» (Histoire des enfers, Ճորճ Մինուայի կողմէ, էջ 50)։

«Մ.թ. երկրորդ դարու կէսէն սկսեալ, յունական փիլիսոփայութեամբ որոշ չափով դաստիարակուած կարգ մը քրիստոնեաներ սկսան իրենց հաւատքը անոր արտայայտութիւններով մեկնաբանելու կարիքը զգալու. . . Անոնք պղատոնականութիւնը ամէնէն յարմար փիլիսոփայութիւնը գտան» (The New Encyclopædia Britannica [1988], հատոր 25, էջ 890)։

«Եկեղեցիին ուսուցումը կը հաստատէ դժոխքին գոյութիւնը եւ անոր յաւիտենականութիւնը։ Մահէն անմիջապէս ետք, մահացու մեղքով մեռնողներուն հոգիները դժոխք կ’իջնեն, ուր ‘յաւիտենական կրակով’ դժոխքի պատիժներէն կը տառապին։ Դժոխքին գլխաւոր պատիժն է՝ Աստուծմէ առյաւէտ անջատուիլ» (Catechism of the Catholic Church, 1994–ի հրատարակութիւն, էջ 270)։

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։ «Արդարեւ ապրողները գիտեն թէ պիտի մեռնին, իսկ մեռեալները ոչինչ գիտեն. . . Որովհետեւ դժոխքին [եբրայերէն՝ Շէօլ] մէջ՝ ուր կ’երթաս, գործ, հնարամտութիւն, գիտութիւն եւ իմաստութիւն չկան» (Ժողովող 9։5, 10, ԱԾ

Եբրայերէն Շէօլ բառը, որ կ’ակնարկէ «մեռած անձերու կայանին», Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններուն մէջ «դժոխք» թարգմանուած է։ Այս հատուածը ի՞նչ կը յայտնէ մեռելներու վիճակին մասին։ Անոնք Շէօլի մէջ կը չարչարուի՞ն իրենց յանցանքները քաւելու համար։ Ո՛չ, քանի որ անոնք «ոչինչ գիտեն»։ Ատոր համար Յոբ նահապետ, երբ ծանր հիւանդութեան մը պատճառաւ խիստ կը տառապէր, Աստուծոյ աղաչեց. «Երանի՜ թէ. . . դժոխքին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս» (Յոբ 14։13, ԱԾ)։ Անոր խնդրանքը ի՞նչ իմաստ ունէր, եթէ Շէօլ յաւիտենական չարչարանքի վայր մըն էր։ Աստուածաշնչական առումով, դժոխքը պարզապէս մարդկութեան հասարակաց գերեզմանն է, ուր ամէն գործունէութիւն վերջ գտած է։

Դժոխքին այս սահմանումը աւելի տրամաբանական եւ Սուրբ Գրութիւններուն հետ ներդաշնակ չէ՞։ Ո՞ր ոճիրը, ո՛րքան ալ սոսկալի ըլլայ, կրնայ պատճառ ըլլալ որ սիրոյ Աստուածը առյաւէտ չարչարէ անհատ մը (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Արդ, դժոխքի կրակը առասպել մը ըլլալով, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ երկինքի մասին։

Աստուածաշունչի հետեւեալ համարները համեմատէ. Սաղմոս 146։3, 4. Գործք 2։25-27. Հռովմայեցիս 6։7, 23

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ.

Աստուած մարդիկը դժոխքին մէջ չի պատժեր

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 5]

Barrators—Giampolo/The Doré Illustrations For Dante’s Divine Comedy/Dover Publications Inc.