Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առասպել 5. Մարիամ աստուածամայր է

Առասպել 5. Մարիամ աստուածամայր է

Առասպել 5. Մարիամ աստուածամայր է

Առասպելին ծագումը ի՞նչ է։ «Աստուածամօր մեծարանքը թափ առաւ, երբ. . . հեթանոս զանգուածներ եկեղեցին խուժեցին։ . . .Անոնց [քրիստոնեայ դարձած հեթանոսներու] բարեպաշտութիւնն ու կրօնական գիտակցութիւնը հազարաւոր տարիներէ ի վեր կաղապարուած էին ‘մեծ մայր’ չաստուածուհիին եւ ‘աստուածային կոյս’ին պաշտամունքով» (The New Encyclopædia Britannica [1988], հատոր 16, էջ 326 եւ 327)։

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։ «Պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ . . .Ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի» (Ղուկաս 1։31-35

Վերոնշեալ աստուածաշնչական հատուածը յստակօրէն կը նշէ, թէ Մարիամ «Աստուծոյ Որդի»ին մայրն էր, եւ ոչ թէ՝ Աստուծոյ մայրը։ Կարելի՞ էր որ Մարիամ իր մէջ կրէր Զայն, որ ‘երկինքը չի կրնար պարունակել’ (Գ. Թագաւորաց 8։27)։ Մարիամ երբեք այսպիսի բան մը չդաւանեցաւ։ Երրորդութեան վարդապետութիւնն է, որ Մարիամի ինքնութեան նկատմամբ շփոթութիւն ստեղծած է։ Մ.թ. 431–ին, Եփեսոսի խորհրդաժողովը զինք կոչելով Թէօթօգոս («Աստուածածին» նշանակող յունարէն բառ մը), կամ «Աստուածամայր», հող պատրաստեց Մարիամի պաշտամունքին։ Եփեսոս քաղաքը, ուր այս ժողովը տեղի ունեցաւ, դարերէ ի վեր կռապաշտութեան կեդրոնը եղած էր, արգասաբերութեան չաստուածուհին՝ Արտեմիսը պաշտելով։

Այսպէս, ‘երկինքէն ինկած Արտեմիսի պատկերին’ պաշտամունքին շատ մը երեսակները, ինչպէս՝ թափօրները, Մարիամի պաշտամունքին մաս կազմեցին (Գործք 19։35, Անթիլիաս)։ Այլ սովորութիւն մը, որ քրիստոնէական ուսուցումին մէջ սպրդեցաւ, պաշտամունքի մէջ Մարիամի եւ ուրիշներու արձաններուն ու պատկերներուն գործածութիւնն էր։

Աստուածաշունչի հետեւեալ համարները համեմատէ. Մատթէոս 13։53-56. Մարկոս 3։31-35. Ղուկաս 11։27, 28

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ.

Մարիամ Աստուծոյ Որդիին մայրն էր, եւ ոչ թէ՝ Աստուծոյ մայրը։ Երրորդութեան առասպելը ծագում տուաւ Մարիամի պաշտամունքին որպէս Աստուածամայր