Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած իր անունով ճանչնալու մարտահրաւէրը

Աստուած իր անունով ճանչնալու մարտահրաւէրը

Աստուած իր անունով ճանչնալու մարտահրաւէրը

ՄԷԿԸ կայ, որ կ’ուզէ քեզ ետ պահել Եհովայի անունը ճանչնալէ եւ Իրեն հետ սերտ փոխյարաբերութիւն մը վայելելէ։ Ո՞վ է այս թշնամին։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց»։ Ներկայ անբարեպաշտ աշխարհի աստուածը Բանսարկուն է։ Անոր նպատակն է քեզ խաւարի մէջ պահել, որպէսզի սիրտդ չլուսաւորուի ‘Աստուծոյ փառքին գիտութիւնով’։ Սատանան չ’ուզեր որ Եհովան իր անունով ճանչնաս։ Սակայն ան մարդոց մտքերը ինչպէ՞ս կը կուրցնէ (Բ. Կորնթացիս 4։4-6

Սատանան սուտ կրօնքը գործածած է մարդիկը արգիլելու, որ Աստուած իր անունով ճանչնան։ Օրինակ՝ վաղեմի ժամանակներուն, կարգ մը հրեաներ ներշնչուած Սուրբ Գրութիւնները անտեսեցին աւանդութեան մը սիրոյն, որ կը պահանջէր խուսափիլ Աստուծոյ անունը գործածելէ։ Մ.թ. առաջին դարերուն, այնպէս կը թուի թէ հրեայ հանրային ընթերցողներուն արդէն ուղղութիւն տրուած էր, որ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ Աստուծոյ անունը արտասանելու տեղ, զայն փոխարինեն Ատո·նայ բառով, որ կը նշանակէ «Տէր»։ Անկասկած այս սովորութիւնը հոգեւորութեան ողբերգական անկման մը առաջնորդեց։ Շատեր Աստուծոյ հետ մտերիմ անձնական փոխյարաբերութեան օգուտները կորսնցուցին։ Իսկ ի՞նչ ըսենք Յիսուսի մասին։ Եհովայի անուան հանդէպ անոր կեցուածքը ի՞նչ էր։

Յիսուս եւ իր հետեւորդները Աստուծոյ անունը ճանչցուցին

Իր Հօր աղօթելով Յիսուս ըսաւ. «Քու անունդ. . . ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ» (Յովհաննէս 17։26)։ Յիսուս վստահաբար բազմաթիւ առիթներով Աստուծոյ անունը արտասանեց, մինչ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ այդ կարեւոր անունը բովանդակող հատուածները կը կարդար, կը մէջբերէր կամ կը բացատրէր։ Այսպէս Յիսուս նախկին բոլոր մարգարէներուն նման Աստուծոյ անունը ազատօրէն գործածեց։ Եթէ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին, հրեաներ արդէն կը խուսափէին Աստուծոյ անունը գործածելէ, Յիսուս վստահաբար անոնց աւանդութեան պիտի չհետեւէր։ Ան զօրաւոր կերպով քննադատեց կրօնական առաջնորդները, երբ իրենց ըսաւ. «Ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք» (Մատթէոս 15։6

Յիսուսի մահէն ու յարութենէն ետք, անոր հաւատարիմ հետեւորդները շարունակեցին Աստուծոյ անունը ճանչցնել (տե՛ս  «Առաջին քրիստոնեաները Աստուծոյ անունը գործածեցի՞ն» շրջանակը)։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, այն օրը որ քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ, Պետրոս առաքեալ Յովէլի մարգարէութենէն մէջբերելով՝ հրեաներու եւ նորահաւատներու ըսաւ. «Ամէն ո՛վ որ Տէրոջը [Եհովայի] անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Գործք 2։21. Յովէլ 2։32)։ Նախկին քրիստոնեաները բազմաթիւ ազգերէ եկող մարդոց օգնեցին, որ Եհովան իր անունով ճանչնան։ Այս պատճառով, Երուսաղէմի մէջ, առաքեալներու եւ երէցներու մէկ ժողովին, Յակոբոս աշակերտ ըսաւ. «Աստուած. . . այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար» (Գործք 15։14

Այսուհանդերձ, Աստուծոյ անուան թշնամին ձեռնթափ չեղաւ։ Անմիջապէս որ առաքեալները մահացան, Սատանան առանց ժամանակ կորսնցնելու՝ հաւատուրացութիւն ցանեց (Մատթէոս 13։38, 39. Բ. Պետրոս 2։1)։ Օրինակ՝ անուանական քրիստոնեայ գրող Յուստինոս Նահատակ ծնած էր Յովհաննէսի մահուան ատենները, որ վերջին առաքեալն էր։ Բայց եւ այնպէս, Յուստինոս իր գրութիւններուն մէջ կրկին անգամ պնդեց, թէ բոլոր բաներուն Հայթայթիչը «Աստուած մըն է, որ յատուկ անուն չունի»։

Երբ հաւատուրաց քրիստոնեաները Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու կրկնօրինակներ ըրին, անոնք ակներեւօրէն Եհովայի անձնական անունը ջնջեցին ու զայն փոխարինեցին յունարէն Գիրի·ոս բառով, որ կը նշանակէ «Տէր»։ Եբրայերէն Գրութիւններուն ալ նոյնանման բան մը պատահեցաւ։ Աստուծոյ անունը այլեւս բարձրաձայն չարտասանելով, հաւատուրաց հրեայ դպիրները իրենց Սուրբ Գրութիւններուն մէջ աւելի քան 130 անգամ աստուածային անունը փոխարինեցին Ատո·նայ բառով։ Իսկ Աստուածաշունչի լատիներէն ազդու թարգմանութիւնը, որ մ.թ. 405–ին ամբողջացաւ Յերոնիմոսի կողմէ եւ կոչուեցաւ Վուլկաթա, նմանապէս Աստուծոյ անձնական անունը դուրս ձգեց։

Աստուծոյ անունը ջնջելու արդի ջանքեր

Ներկայիս ուսումնականներ իրազեկ են, թէ Աստուածաշունչին մէջ Եհովայի անձնական անունը շուրջ 7000 անգամ կ’երեւի։ Արդ, ընդարձակօրէն գործածուած կարգ մը թարգմանութիւններ, ինչպէս՝ կաթողիկէ Jerusalem Bible, կաթողիկէ La Biblia Latinoamérica (սպաներէնով) եւ ժողովրդական Ռէյնա–Վալէյրա թարգմանութիւնը (դարձեալ սպաներէնով), Աստուծոյ անձնական անունը ազատօրէն կը գործածեն։ Կարգ մը թարգմանութիւններ Աստուծոյ անունը «Եահվէ» կը թարգմանեն։

Ցաւօք սրտի, Աստուածաշունչի թարգմանութիւններ հովանաւորող շատ մը եկեղեցիներ ուսումնականները կը ստիպեն, որ Աստուծոյ անունը իրենց թարգմանութիւններէն հանեն։ Օրինակ՝ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու խորհրդաժողովներու նախագահներուն ուղղուած 29 յունիս 2008 թուակիր նամակին մէջ, Վատիկանը նշեց. «Վերջին տարիներուն, Իսրայէլի Աստուծոյ յատուկ անունը արտասանելու սովորութիւնը ներս սպրդած է»։ Նամակը սա ուղղակի ցուցմունքը կու տայ. «Աստուծոյ անունը. . . ո՛չ պիտի գործածուի, ոչ ալ արտասանուի»։ Աւելին, «Աստուածաշունչի գրութիւնը արդի լեզուներով թարգմանելու համար. . . աստուածային քառագիր–ը պէտք է թարգմանուի Ատոնայ/Գիրիոս բառերուն համազօր եղող ‘Տէր’ բառով»։ Բացայայտօրէն, Վատիկանի այս ցուցմունքին նպատակն է՝ Աստուծոյ անուան գործածութիւնը դադրեցնել։

Բողոքականներն ալ Եհովայի անուան հանդէպ անյարգալից կերպով վարուած են։ 1978–ին անգլերէն լեզուով հրատարակուած ու բողոքականներու կողմէ հովանաւորուած New International Version–ի բանբեր մը գրեց. «Եհովա իւրայատուկ անուն մըն է Աստուծոյ ու զայն աւանդաբար պէտք էր գործածէինք։ Բայց մենք այս թարգմանութեան 2,25 միլիոն տոլար տրամադրեցինք, եւ զայն կորսնցնելու ստոյգ կերպ մըն է՝ թարգմանել, զոր օրինակ, Սաղմոս 23–ը՝ ‘Եահվէն իմ հովիւս է’»։

Ասկէ զատ, եկեղեցիները Լատին Ամերիկայի ժողովուրդներուն արգելք հանդիսացած են, որ Աստուած իր անունով ճանչնան։ Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութիւններու (ԱՄԸ) թարգմանչական խրատատու Սթիվըն Վօթ կը գրէ. «Լատին Ամերիկեան բողոքական շրջանակներու մէջ տեղի ունեցող շարունակական մէկ բանավէճը, Ճեհովա անուան գործածութեան շուրջ կը դառնայ. . . Հետաքրքրական է թէ հետզհետէ աճող հսկայ նորապէնտէկոստական եկեղեցի մը. . . ուզեց Ռէյնա–Վալէյրա թարգմանութիւն մը (1960–ի հրատարակութիւն), բայց առանց Ճեհովա անունի։ Անոնք ուզեցին անոր փոխարէն Սէնյոր [Տէր] բառը դնել»։ Վօթի համաձայն, ԱՄԸ–ն նախ մերժեց այս խնդրանքը, բայց յետագային տեղի տուաւ ու հրատարակեց Ռէյնա–Վալէյրա թարգմանութիւն մը, որ «Ճեհովա բառը չի բովանդակեր»։

Աստուծոյ անունը իր գրաւոր Խօսքին մէջէն ջնջելը եւ անոր տեղ «Տէր» բառը դնելը ընթերցողներուն արգելք կը հանդիսանայ, որ իսկապէս ճանչնան թէ ո՛վ է Աստուած։ Այսպիսի փոխանակութիւն մը շփոթութիւն կը ստեղծէ։ Օրինակ՝ ընթերցող մը թերեւս չկարենայ զատորոշել, թէ «Տէր» բառը որո՛ւ կ’ակնարկէ՝ Եհովայի՞ թէ իր Որդիին՝ Յիսուսի, ինչպէս կը կարդանք Գործք 2։34–ի մէջ. «Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ»։ Ասկէ զատ, «Եահվէ եւ քրիստոնէական աստուածաբանութեան Աստուածը» խորագրով իր քննասիրութեան մէջ, Տէյվիտ Քլայնս կը մատնանշէ. «Եահվէն քրիստոնէական գիտակցութեան մէջ տեղ չունենալուն մէկ արդիւնքը եղած է՝ Քրիստոսի անձին վրայ կեդրոնանալու հակումը»։ Այսպէս, շատ մը եկեղեցասէրներ չեն գիտակցիր, թէ ճշմարիտ Աստուածը՝ որուն Յիսուս իր աղօթքները ուղղեց, Եհովա անունով Անձ մըն է։

Աստուծոյ մասին մարդոց մտքերը կուրցնելու համար Սատանան ծանր աշխատած է։ Այսուհանդերձ կրնա՛ս Եհովային մօտէն ծանօթանալ։

Եհովան իր անունով կրնա՛ս ճանչնալ

Կասկած չի վերցներ, թէ Սատանան աստուածային անուան դէմ պատերազմ մղած է, եւ այս ուղղութեամբ ան սուտ կրօնքը խորամանկօրէն գործածած է։ Սակայն իրականութիւնը այն է, թէ երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ չկայ ոյժ մը, որ կրնայ Գերիշխան Տէր Եհովան ետ կեցնել իր անունը ճանչցնելէ անոնց, որոնք կը փափաքին ճշմարտութիւնը գիտնալ իր մասին ու հաւատարիմ մարդոց վերաբերեալ իր փառաւոր նպատակին մասին։

Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի օգնելու, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցով սորվիս ինչպէ՛ս Աստուծոյ մօտենալ։ Անոնք կը հետեւին Յիսուսի օրինակին, որ Աստուծոյ ըսաւ. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի» (Յովհաննէս 17։26)։ Մինչ կը խորհրդածես այն համարներուն մասին, որոնք կը յայտնեն Եհովայի առած զանազան դերերը մարդկութիւնը օրհնելու համար, պիտի ծանօթանաս իր փառաւոր անձնաւորութեան բազմաթիւ գեղեցիկ երեսակներուն։

Հաւատարիմ Յոբ նահապետ «Աստուծոյ մտերմութիւնը» վայելեց. դո՛ւն ալ կրնաս վայելել (Յոբ 29։4)։ Աստուծոյ Խօսքին գիտութեամբ, կրնա՛ս Եհովան իր անունով ճանչնալ։ Այս գիտութիւնը քեզի վստահութիւն պիտի տայ, թէ Եհովա պիտի գործէ իր անուան նշանակութեան համաձայն, որուն մասին ըսաւ. «Պիտի Ըլլամ ինչ որ կը հաճիմ ըլլալ» (Ելից 3։14, Ռոթըրհէմ)։ Այսպէս, ան մարդկութեան տուած իր բոլոր բարի խոստումները վստահաբար պիտի իրագործէ։

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 6]

 Առաջին քրիստոնեաները Աստուծոյ անունը գործածեցի՞ն

Մ.թ. առաջին դարուն, Յիսուսի առաքեալներուն օրերուն, բազմաթիւ երկիրներու մէջ քրիստոնէական ժողովքներ կազմուեցան։ Ժողովքներուն անդամները կանոնաւորաբար իրարու քով կը հաւաքուէին՝ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելու։ Այդ նախկին քրիստոնեաները արդեօք Եհովայի անունը իրենց Սուրբ Գրութիւններուն մէջ կը գտնէի՞ն։

Որովհետեւ յունարէնը միջազգային լեզու մը դարձած էր, շատ մը ժողովքներ կը գործածէին յունարէն Եօթանասնից–ը,– Եբրայերէն Գրութիւններու թարգմանութիւն մը, որ մ.թ.ա. երկրորդ դարուն ամբողջացած էր։ Ուսումնականներէն ոմանք կը դաւանին, թէ Եօթանասնից–ը թարգմանուելու ատեն Աստուծոյ անունը միշտ փոխարինուեցաւ Գիրի·ոս տիտղոսով, որ յունարէնով «Տէր» կը նշանակէ։ Բայց իրողութիւնները հակառակը ցոյց կու տան։

Հոս ներկայացուած պատառիկները յունարէն Եօթանասնից–էն հատուածներ են, որոնք մ.թ.ա. առաջին դարուն կը պատկանին։ Անոնք յստակօրէն ցոյց կու տան Եհովայի անունը, զայն յունարէն գրութեան մէջ ներկայացնելով եբրայերէն չորս տառերով יהוה (ԵՀՎՀ),– Քառագիրը։ Ուսուցչապետ Ճորճ Հաուըրտ գրեց. «Յունարէն Եօթանասնից Աստուածաշունչի նախաքրիստոնէական երեք անջատ կրկնօրինակներ ունինք, եւ անոնց մէջ Քառագիրը ոչ մէկ անգամ Գիրիոս թարգմանուած է, այլ՝ նոյն եբրայերէն տառերով մնացած է։ Այժմ գրեթէ վստահ ենք, թէ Նոր Կտակարանի ժամանակաշրջանէն առաջ, անոր ընթացքին ու ետքն ալ, հրէական սովորութիւն մըն էր աստուածային անունը գրել. . . ուղղակի Սուրբ Գրութիւններու յունարէն բնագրին մէջ» (Biblical Archaeology Review

Յիսուսի առաքեալներն ու աշակերտները իրենց ներշնչուած գրութիւններուն մէջ Աստուծոյ անունը գործածեցի՞ն։ Ուսուցչապետ Հաուըրտ կը նշէ. «Երբ Նոր Կտակարանի եկեղեցիին կողմէ գործածուած ու մէջբերուած Եօթանասնից–ը բովանդակեց աստուածային անուան եբրայերէն ձեւը, Նոր Կտակարանի գրողները անկասկած իրենց մէջբերումներուն մէջ պարփակեցին Քառագիրը»։

Ուստի, կրնանք ապահովաբար եզրակացնել, թէ առաջին քրիստոնեաները կրնային Աստուծոյ անունը կարդալ թէ՛ իրենց Եբրայերէն Գրութիւններու թարգմանութիւններուն մէջ եւ թէ իրենց Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու կրկնօրինակներուն մէջ։

[Նկարին աղբիւրը]

All photos: Société Royale de Papyrologie du Caire

[Նկար՝ էջ 4, 5]

Եսայիի գիրքին մէկ հատուածը Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն մէջ, աստուածային անունը ցցուն եղած

[Նկարին աղբիւրը]

Shrine of the Book Photo © The Israel Museum Jerusalem

[Նկար՝ էջ 7]

Եկեղեցիներ Աստուծոյ անունը Աստուածաշունչէն ջնջած են՝ հրէական աւանդութեան պատճառաւ կամ նոյնիսկ շահասիրական մղումով

[Նկար՝ էջ 8]

Յիսուս Աստուծոյ անունը ճանչցնելու մէջ օրինակ հանդիսացաւ