Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արմագեդոնի պատերազմը ե՞րբ պիտի ըլլայ

Արմագեդոնի պատերազմը ե՞րբ պիտի ըլլայ

Արմագեդոնի պատերազմը ե՞րբ պիտի ըլլայ

«Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն. . . Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 7։9, 14

ԱՅԺՄ ճամբան հարթուած է Արմագեդոնի պատերազմին համար։ Ինչպէ՞ս։

Աշխարհի տարածքին արդէն ժողովուրդ մը գոյութիւն ունի, որ Եհովային կը ծառայէ եւ Աստուածաշունչի բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրի։ Աստուծոյ աջակցութեամբ, բոլոր ազգերէն, ցեղերէն եւ լեզուներէն միլիոնաւորներ կը հաւաքուին, որպէսզի համերաշխ եւ սիրալիր եղբայրութիւն մը կազմեն։ Այդ եղբայրութիւնը առկայ է Եհովայի վկաներուն մէջ (Յովհաննէս 13։35

Շուտով, Սատանան իր բանակները պիտի հաւաքէ եւ իր ամէնէն մեծ յարձակումը պիտի սկսի այս խաղաղասէր եւ երեւութապէս անպաշտպան ժողովուրդին վրայ (Եզեկիէլ 38։8-12. Յայտնութիւն 16։13, 14, 16)։ Այս իրողութենէն ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ։ Աստուածաշունչը մասնայատուկ դէպքերու մասին կը խօսի, ինչ որ մեզի կ’օգնէ գիտնալու, թէ Արմագեդոնի պատերազմը ե՛րբ պիտի ըլլայ։ Ատոր բնորոշած շատ մը դէպքերը արդէն կը կատարուին։

Դէպքեր՝ որոնց կատարումը կը տեսնես

Յիսուսի աշակերտները իրեն հարցուցին թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի գիտնային թէ «աշխարհիս վերջ»ը մօտալուտ է (Մատթէոս 24։3)։ Յիսուս պատասխանեց նշելով ժամանակաշրջան մը, երբ «ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։ Ապա ան ըսաւ. «Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են» (Մատթէոս 24։7, 8)։ Պօղոս առաքեալ այս նոյն ժամանակաշրջանը նկարագրեց որպէս «վերջին օրեր», եւ ըսաւ որ ատոնք «դաժան ժամանակներ» պիտի ըլլային (Բ. Տիմոթէոս 3։1, ԱԾ)։ Քեզի այնպէս կը թուի՞ թէ այդ մարգարէութիւնները կը նկարագրեն ներկայիս տեղի ունեցող դէպքեր։

Այս ժամանակաշրջանը ինչո՞ւ շատ դժուար պիտի ըլլար։ Յովհաննէս առաքեալ պատճառը կու տայ։ Ան նախագուշակեց, թէ Սատանային եւ իր դեւերուն գործունէութիւնը «քիչ ժամանակ» մը երկրի վրայ պիտի սահմանափակուէր։ Սատանային մասին կ’ըսուի, թէ այս ժամանակաշրջանին «շատ բարկացած» է (Յայտնութիւն 12։7-12)։ Կը զգա՞ս թէ ներկայիս ոչ միայն մէկ շրջանի մէջ, այլ՝ համայն աշխարհի մէջ բարկութեան եւ վայրագութեան հոգի մը մարդոց մէջ առկայ է։

Յիսուս նաեւ ըսաւ թէ այս դժուարին ժամանակին, արտասովոր աշխատանք մը պիտի կատարուէր։ Ան նշեց. «[Աստուծոյ] արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։ Ներկայիս, աւելի քան 235 երկիրներու մէջ Եհովայի վկաները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն աւելի քան 500 լեզուներով։ Անոնց հրատարակած աստուածաշնչական երկու պարբերաթերթերը՝ Դիտարան եւ Զարթի՛ր՝ աշխարհի մէջ բաշխուած ամենաշատ պարբերաթերթերն են։ Վկաները նաեւ Աստուածաշունչը մօտ 100 լեզուներու թարգմանած են։ Անոնց աշխատանքը կամաւորներու կողմէ կը կատարուի եւ ամբողջովին նուիրատուութիւններով կ’ընթանայ։ Այս ուշագրաւ քարոզչական արշաւը կրնա՞յ ըլլալ որ Յիսուսի մարգարէութեան կատարումն է։

Աստուածաշունչը նաեւ կը նշէ դէպքեր, որոնք ուղղակի պիտի առաջնորդեն որ պատերազմ ըլլայ Եհովա Աստուծոյ եւ իրեն հակառակողներուն միջեւ։ Նկատի առ այսպիսի երեք մարգարէութիւններ, որոնց կատարումը պիտի տեսնես։

Դէպքեր՝ որոնց տեղի ունենալը մօտ օրէն պիտի տեսնես

Մարգարէութիւն 1։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ազգերը ‘խաղաղութեան ու ապահովութեան’ նշանակալից յայտարարութիւն մը պիտի ընեն։ Անոնք թերեւս խորհին թէ մեծ խնդիրները լուծելու վրայ են։ Բայց այս յայտարարութեան յաջորդող դէպքերը խռովալից վիճակներ պիտի յայտնեն (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-3

Մարգարէութիւն 2։ Ապա, զանազան կառավարութիւններ պիտի որոշեն աշխարհի կրօնական կազմակերպութիւններուն դէմ ելլել։ Աստուածաշունչին մէջ, այս կառավարութիւնները գազանով խորհրդանշուած են. իսկ աշխարհի սուտ կրօնքները՝ գազանին վրայ նստած կնոջմով մը (Յայտնութիւն 17։3, 15-18)։ Այլաբանական գազանը անգիտակցաբար Աստուծոյ կամքը պիտի կատարէ,– կործանել կրօնքները, որոնք կեղծօրէն կը դաւանին թէ Աստուած կը ներկայացնեն։

Խորհրդանիշներով, Յովհաննէս առաքեալ դէպքը սապէս կը նկարագրէ. «Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն։ Վասն զի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն» (Յայտնութիւն 17։16, 17

Մարգարէութիւն 3։ Սուտ կրօնքին վրայ այս յաջող յարձակումէն ետք, Սատանան ազգերը պիտի առաջնորդէ որ յարձակին Եհովա Աստուած պաշտողներուն վրայ (Յայտնութիւն 7։14. Մատթէոս 24։21

Ինչպէ՞ս պիտի ազդուիս

Եթէ Աստուածաշունչը բծախնդրաբար սերտելու պատեհութիւն չես ունեցած, թերեւս դժուար գտնես հաւատալ թէ վերոնշեալ դէպքերը պիտի կատարուին։ Բայց վաւերական պատճառ կայ վստահելու, թէ իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն պիտի կատարուի, եւ թէ այս դէպքերը մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենան։ Արդէն–կատարուած Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու երկա՜ր արձանագրութիւնը այդ երաշխիքը կու տայ։ *

Ինչո՞ւ ժամանակ չտրամադրես գիտնալու համար, թէ ինչո՛ւ Եհովայի վկաները համոզուած են, որ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուան պատերազմ»ը շա՜տ մօտ է եւ ինչո՛ւ ատկէ պէտք չէ վախնաս։ Թոյլ տուր որ անոնք քեզի հետ քննարկեն, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ որ պէտք է ընես, որպէսզի ըլլաս անոնց մէջ՝ որոնք Եհովա Աստուած կը պաշտպանէ (Յայտնութիւն 16։14)։ Ինչ որ պիտի սորվիս, ապագայի նկատմամբ հայեցակէտդ կրնայ փոխել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Փաստերու համար թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կատարուած են, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 2–րդ եւ 9–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 8]

Կրնա՞յ ըլլալ որ Եհովայի վկաներու գործը Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարում է