Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մովսէս սէր ունէր

Մովսէս սէր ունէր

Ի՞ՆՉ Է ՍԷՐԸ։

Սէրը ուրիշներու հանդէպ խորին գուրգուրանք կը պարփակէ։ Սիրալիր անձ մը իր խօսքով ու գործով ցոյց կու տայ, թէ ինք ի՛նչ կը զգայ իրեն սիրելի եղողներուն հանդէպ, նո՛յնիսկ եթէ այս մէկը զոհողութիւն պահանջէ։

ՄՈՎՍԷՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍԷՐ ԴՐՍԵՒՈՐԵՑ։

Մովսէս Աստուծոյ հանդէպ սէր ցուցաբերեց։ Ի՞նչ կերպով։ Յիշենք որ Ա. Յովհաննէս 5։3–ը կ’ըսէ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։ Մովսէս այս սկզբունքին համաձայն ապրեցաւ։ Ի՛նչ որ Աստուած իրեն պատուիրեց,– հզօր փարաւոնին դէմ յանդիման գալու վախազդու նշանակումէն մինչեւ Կարմիր ծովուն վրայ իր գաւազանը երկարելուն պարզ արարքը,– Մովսէս ամենայն հնազանդութեամբ կատարեց։ Պատուէրը կատարելը դժուար ըլլա՛ր կամ դիւրին, Մովսէս կը հնազանդէր. ան «այնպէս ըրաւ» (Ելից 40։16

Մովսէս իր ազգակիցներուն ալ սէր ցոյց տուաւ։ Իսրայէլացիները գիտակցեցան թէ Եհովան Մովսէսը կը գործածէր Իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար. ուստի անոնք իրենց բազմազան խնդիրները Մովսէսին ներկայացուցին։ Կը կարդանք. «Ժողովուրդը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն Մովսէսին քով կայնեցաւ» (Ելից 18։13-16)։ Երեւակայէ, թէ Մովսէսին համար որքա՜ն յոգնեցուցիչ էր լսել իսրայէլացիներուն հոգերը, որ ամբողջ օրը իրեն կը պատմէին։ Բայց Մովսէս կը սիրէր ժողովուրդը, ուստի ուրախ էր իրենց օգնելու։

Անոնց հարցերը լսելէ զատ, Մովսէս նաեւ աղօթք ըրաւ իր սիրելիներուն համար։ Ան նոյնիսկ աղօթեց անոնց համար, որոնք իրեն հետ գէշ կերպով վարուած էին։ Օրինակ, երբ իր քոյրը՝ Մարիամ, Մովսէսին դէմ տրտնջաց, Եհովան զինք բորոտութեամբ զարկաւ։ Փոխանակ ուրախանալու որ Մարիամ իր պատիժը առաւ, Մովսէս անմիջապէս բարեխօսութիւն ըրաւ իր քրոջ համար, աղօթելով. «Կը խնդրեմ քեզմէ, ո՛վ Աստուած, բժշկէ՛ զանիկա» (Թուոց 12։13)։ Սէրէն զատ ուրիշ ի՞նչ բան պատճառ պիտի ըլլար, որ Մովսէս այսպիսի անձնուրաց աղօթք մը մատուցանէր։

Ի՞ՆՉ ԴԱՍԵՐ ԿԸ ՔԱՂԵՆՔ։

Կրնանք Մովսէսը ընդօրինակել Աստուծոյ հանդէպ խո՜ր սէր մշակելով, որը մեզ պիտի մղէ Աստուծոյ պատուիրաններուն «սրտանց» հնազանդելու (Հռովմայեցիս 6։17)։ Երբ սրտանց կը հնազանդինք Եհովային, անոր սիրտը ուրախացուցած կ’ըլլանք (Առակաց 27։11)։ Ինչպէս նաեւ մե՛նք օգտուած կ’ըլլանք։ Ի վերջոյ, երբ անկեղծ սէրէ մղուած Աստուծոյ կը ծառայենք, ոչ միայն ճիշդ բաները պիտի կատարենք, հապա նաեւ հաճո՛յք պիտի առնենք զանոնք կատարելէն (Սաղմոս 100։2

Մովսէսը ընդօրինակելու ա՛յլ կերպ մըն է՝ ուրիշներու հանդէպ անձնազոհ սէր զարգացնել։ Երբ բարեկամներ կամ ընտանիքի անդամներ իրենց մտահոգութիւնները կը պատմեն մեզի, սէրը մեզ կը մղէ որ՝ ա) սրտանց իրենց ուշադրութիւն ընծայենք, բ) իրենց հետ զգանք եւ գ) գիտցնենք, թէ իրենցմով հետաքրքրուած ենք։

Մովսէսի նման, կրնանք մեր սիրելիներուն համար աղօթել։ Երբեմն, երբ իրենց խնդիրները կը պատմեն մեզի, թերեւս զգանք թէ մեր ձեռքէն բան չի գար։ Թերեւս նոյնիսկ իրենց ըսենք թէ կը ցաւինք, որ աղօթելէ զատ ուրիշ որեւէ կերպով չենք կրնար իրենց օգնել։ Բայց յիշէ՛. «Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի» (Յակոբոս 5։16)։ Իրականութեան մէջ, մեր աղօթքները թերեւս Եհովան մղեն, որ անհատին համար ընէ բան մը որ այլապէս պիտի չընէր։ Ուստի երբ աղօթենք, լաւագոյն բանը ըրած կ’ըլլանք մեր սիրելիներուն համար *։

Չե՞ս համաձայնիր, որ կրնանք շատ բաներ սորվիլ Մովսէսէն։ Սովորական մարդ ըլլալով հանդերձ, Մովսէս հաւատքի, խոնարհութեան եւ սիրոյ արտասովոր օրինակ մը հանդիսացաւ։ Ո՛րքան աւելի մօտէն հետեւինք իր օրինակին, ա՛յնքան աւելի օգտուած եւ ուրիշներուն ալ օգտած կ’ըլլանք (Հռովմայեցիս 15։4

^ պարբ. 8 Որպէսզի Աստուած մեր աղօթքները լսէ, հարկ է որ անկեղծօրէն ջանանք իր պահանջներուն գոհացում տալ։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 17–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։