Յիսուս յայտնեց ինչպէ՛ս իմաստալից կեանք ունենալ
«Ան. . . այնպէս պէտք է քալէ՝ ինչպէս [Յիսուս] քալեց» (Ա. Յովհաննէս 2։6)։
ԻՆՉՊԷՍ որ քննարկեցինք նախորդ յօդուածին մէջ, Յիսուս իմաստալից կեանք վարեց։ Ուստի, եթէ կ’ուզենք որ մեր կեանքը իմաստ ունենայ, լաւ կ’ըլլայ որ իր օրինակին հետեւինք ու իր խրատներուն ականջ տանք։
Իրականութեան մէջ, Եհովան ճիշդ ասիկա՛ է որ մեզմէ կը խնդրէ, ինչպէս որ վերի համարը ցոյց կու տայ։ Յիսուսին նման քալելը կը պարփակէ՝ մեր ամբողջ ապրելակերպը ներդաշնակ դարձնել իր օրինակին եւ ուսուցումներուն հետ։ Ասիկա ընելը մեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ հաճութիւնը եւ իմաստալից կեանք ունենանք։
Յիսուսի ուսուցումը պարփակեց սկզբունքներ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ ճիշդ իրեն պէս քալենք։ Այդ սկզբունքներէն ոմանք կը գտնենք իր Լերան քարոզին մէջ։ Նկատի առնենք ատոնցմէ մի քանին, եւ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք մեր կեանքին մէջ կիրարկել։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատթէոս 5։3, ՆԱ)։
ԱՅՍ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԿԵԱՆՔ ՎԱՐԵԼՈՒՆ.
Յիսուս ցոյց տուաւ թէ բնոյթով մարդիկ հոգեւոր կարիք ունին։ Իմաստալից կեանք վարելու համար, մենք կը տենչանք որ մեզի պատասխանուին հետեւեալին նման հարցումներ. ինչո՞ւ կ’ապրինք։ Երկրագունդին վրայ ինչո՞ւ այսքան տառապանք կայ։ Աստուած մեզի իրապէս հոգ կը տանի՞։ Մահէն ետք ուրիշ կեանք կա՞յ։ Յիսուս գիտէր թէ միայն մէկ վստահելի աղբիւր կայ, որ կրնայ այդ հարցումներուն պատասխանել. Աստուծոյ Խօսքը։ Իր Հօր ուղղած իր աղօթքին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17։17)։ Աստուծոյ Խօսքը իրապէս մեզի կրնա՞յ օգնել, որ մեր հոգեւոր կարիքը գոհացնենք։
ԻՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ ԱՌՆՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿ.
Էսան, որ ռոքի երաժշտախումբի մը գլխաւոր երգիչն էր, հռչակաւոր դառնալու փայլուն ապագայ ունէր։ Ասով հանդերձ, ան երջանիկ չէր։ Ան կ’ըսէ. «Թէեւ ուրախ էի որ խումբին մէկ անդամն էի, բայց կը փափաքէի որ կեանքս իմաստալից ըլլար»։ Ժամանակի ընթացքին, ան Եհովայի վկայի մը ծանօթացաւ։ Էսան կը խոստովանի. «Անոր ետեւ–ետեւի հարցումներ ուղղեցի։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած անոր տրամաբանական պատասխանները հետաքրքրութիւնս շարժեցին։ Ուստի, Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու անոր առաջարկը ընդունեցի»։ Ինչ որ Էսան Աստուածաշունչէն սորվեցաւ, իրեն խորապէս ազդեց եւ զինք մղեց որ իր կեանքը Եհովային նուիրէ։ Ան կ’ըսէ. «Անցեալին, կեանքս շարունակ խնդիրներով լեցուն էր։ Բայց այժմ կեանքի մէջ իսկական նպատակ մը ունիմ» *։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Երանի՜ ողորմածներուն» (Մատթէոս 5։7)։
ԱՅՍ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԿԵԱՆՔ ՎԱՐԵԼՈՒՆ.
Ողորմած ըլլալը կը պարփակէ ուրիշներուն հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերել, եւ անոնց հետ ազնուութեամբ ու նկատառութեամբ վարուիլ։ Յիսուս կարիքաւորներուն հանդէպ ողորմած գտնուեցաւ։ Խոր կարեկցութենէ մղուած, ան նախաձեռնութիւնը առաւ ուրիշները մխիթարելու համար (Մատթէոս 14։14. 20։30-34)։ Այս յատկութեան մէջ Յիսուսը ընդօրինակելով, մեր կեանքը աւելի իմաստալից կը դառնայ, քանի որ ողորմածութիւն ցուցաբերողները իրե՛նք ուրախ կ’ըլլան (Գործք 20։35)։ Մեր ազնիւ խօսքերով ու գործերով կրնանք մեր օգնութեան պէտք ունեցողները մխիթարել։ Ողորմածութիւն ցուցաբերելը իրապէս մեր բարօրութեան կը նպաստէ՞։
ԻՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ ԱՌՆՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿ.
Մարիան եւ իր ամուսինը՝ Քարլոս, այս մարզին մէջ օրինակելի են։ Մարիայի հայրը այրի է, եւ քանի մը տարի է որ անկողին ինկած է։ Մարիան ու Քարլոսը զինք իրենց տունը առած են ու իր բոլոր կարիքներուն հոգ կը տանին։ Անոնք շատ մը անքուն գիշերներ անցուցած են, նոյնիսկ աճապարանօք զինք հիւանդանոց կը հասցնեն, երբ շաքարախտային տագնապ կ’ունենայ։
Անոնք կը խոստովանին, թէ ատեններ իրապէս կը յոգնին։ Բայց անոնք ուրախ են, քանի որ,– ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ,– խոր գոհունակութիւն կը զգան՝ գիտնալով որ Մարիայի հօր հարկ եղած հոգատարութիւնը կը հայթայթեն։ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն» (Մատթէոս 5։9)։
ԱՅՍ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԿԵԱՆՔ ՎԱՐԵԼՈՒՆ.
Խաղաղարար ըլլալը կրնայ մեր կեանքը իմաստալից դարձնել, աւելի լաւ փոխյարաբերութիւններ վայելելով մեր շուրջիններուն հետ։ Ուստի, լաւ կ’ըլլայ որ Աստուածաշունչի սա խրատին անսանք. «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք» (Հռովմայեցիս 12։18)։ «Ամէն մարդ» արտայայտութիւնը կը պարփակէ ընտանիքի անդամներ եւ ուրիշներ, որոնք մեր հաւատալիքները չեն բաժներ։ Արդեօք մեր կեանքը իրապէս իմաստալից կը դառնա՞յ, երբ «ամէն մարդու հետ» խաղաղութիւն ունենանք։
ԻՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ ԱՌՆՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿ.
Նկատի առ Նէյըր անունով կնոջ մը փորձառութիւնը։ Տարիներու ընթացքին, ան շատ մը ճնշումներ դիմագրաւեց, որոնք խաղաղութիւն պահպանելու իր կարողութիւնը փորձեցին,– մանաւանդ ընտանեկան ծիրէն ներս։ 15 տարի առաջ իր ամուսինը զինք լքելէն ետք, ան իր զաւակները առանձին մեծցուցած է։ Իր տղաներէն մէկը թմրեցուցիչ կը գործածէր եւ յաճախ անզուսպ դառնալով՝ իրեն ու քրոջ կը սպառնար։ Նէյըր կ’ըսէ, թէ Աստուածաշունչէն իր սորվածները իրեն ոյժ տուին որ խաղաղարար ըլլայ, նոյնիսկ այսպիսի դժուար պարագաներու ներքեւ։ Ան կը ջանայ հարցերու շուրջ ո՛չ առարկել, ոչ ալ մաքառիլ, այլ՝ ուրիշներուն հանդէպ ազնիւ, համակրական ու հասկացող գտնուիլ (Եփեսացիս 4։31, 32)։ Ան համոզուած է որ խաղաղարար ըլլալ սորվիլը զինք կարող դարձուցած է, որ կարելի եղածին չափ լաւ փոխյարաբերութիւն վայելէ իր ընտանիքի անդամներուն եւ ուրիշներուն հետ։
ԱՊԱԳԱՆ ՀԱՇՈՒԻ ԱՌՆԵԼ
Եթէ Յիսուսի իմաստուն խրատին անսանք, կեանքի մէջ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պիտի ունենանք։ Սակայն իսկապէս իմաստալից կեանք վարելու համար, նաեւ պէտք է գիտնանք թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ։ Արդարեւ, կեանքը ինչպէ՞ս կրնայ իմաստալից թուիլ, եթէ մեր ամէն գիտցածը այն է՝ թէ ի վերջոյ պիտի ծերանանք, հիւանդանանք եւ մեռնինք։ Բայց ատիկա կեանքի մէկ իրողութիւնն է։
Սակայն, բարի լուր կայ։ Եհովան բազմաթիւ օրհնութիւններ վերապահած է բոլոր անոնց՝ որոնք կը ջանան ‘քալել՝ ինչպէս Յիսուս քալեց’։ Եհովան կը խոստանայ, թէ շուտով արդար նոր աշխարհ պիտի բերէ, ուր հաւատարիմ մարդիկ կատարեալ առողջութեամբ յաւիտեան պիտի ապրին,– ճիշդ ինչպէս որ ինք նպատակադրած էր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։3, 4)։
Մարիան, 84 տարեկան կինը որ այս յօդուածաշարքին առաջին յօդուածին մէջ նշուեցաւ, այդ հեռանկարը ունենալով ուրախ է։ Ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Կը փափաքի՞ս աւելին գիտնալ ճշմարիտ կեանքին մասին, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ պիտի վայելենք (Ա. Տիմոթէոս 6։19)։ Եթէ այո՛, կրնաս տեղացի Եհովայի վկաներէն օգնութիւն խնդրել կամ այս պարբերաթերթին հրատարակիչներուն գրել *։
^ պարբ. 8 Էսային ամբողջ պատմութիւնը կը գտնուի «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ. Կոպիտ վերաբերմունք ունէի» յօդուածին մէջ։
^ պարբ. 18 Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, որ Եհովայի վկաները հրատարակած են, շատերու օգնած է որ Սուրբ Գրութիւնները նիւթ առ նիւթ ուսումնասիրեն։