Գիտէի՞ր
Վաղեմի Նինուէն ինչո՞ւ կը կոչուէր «արիւններու քաղաք»։
Նինուէն Ասորական կայսրութեան մայրաքաղաքն էր։ Անիկա հզօր քաղաք մըն էր՝ հոյակապ պալատներով ու տաճարներով, լայն ճամբաներով եւ վիթխարի պարիսպներով։ Բայց եբրայեցի մարգարէն Նաւում ատոր ակնարկեց որպէս «արիւններու քաղաք» (Նաւում 3։1)։
Ասիկա յարմար նկարագրութիւն մըն էր, քանի որ Նինուէի մէջ Սենեքերիմի պալատին ցայտաքանդակները կը հաստատեն ասորական վայրագութիւնը։ Ցայտաքանդակներէն մէկը կը նկարագրէ դահիճներ, որոնք անշարժ կը պահեն ձեռքերը կապուած բանտարկեալ մը, իսկ ուրիշ դահիճ մը անոր լեզուն կը փրցնէ։ Քանդակագրութիւններ հպարտութեամբ կը նշեն, թէ գերիները կ’առաջնորդուէին չուաններով, որոնք անցուած կ’ըլլային անոնց քիթէն կամ շրթունքէն կախուած օղակներուն մէջէն։ Իսկ բարձրաստիճան գերի պաշտօնեաները իրենց վիզին շուրջ որպէս մանեակ կը կրէին իրենց թագաւորներուն ջախջախուած գլուխները։
Ասորական պատմութեան մասնագէտ Արչըպոլտ Հէնրի Սաս կը նկարագրէ անոնց բարբարոսութիւնը՝ քաղաք մը նուաճելէ ետք. «Մարդկային գլուխներու բուրգեր ցոյց կու տային յաղթողին բռնած ճամբան, տղաքն ու աղջիկները ողջ–ողջ կ’այրուէին կամ աւելի գէշ վերաբերմունքի համար կը պահուէին, տղամարդիկ կը ցցահարուէին, ողջ–ողջ անոնց մորթը կը հանուէր, կը կուրացուէին, կամ անոնց ձեռքերն ու ոտքերը, ականջներն ու քիթը կը կտրէին»։
Հրէական տուներուն տանիքը շրջապատ մը շինելու նպատակը ի՞նչ էր։
Աստուած հրեաներուն պատուիրեց. «Նոր տուն շինած ատենդ տանիքիդ չորս կողմը շրջապատ մը շինէ, որպէս զի չըլլայ թէ մէկը անկէ վար իյնայ ու քու տունդ արեան պարտական ըլլայ» (Բ. Օրինաց 22։8)։ Շրջապատ շինելը անվտանգութեան անհրաժեշտ կարգադրութիւն էր, քանի որ այդ ժամանակ հրեայ ընտանիքները իրենց տան տանիքը շատ կը գործածէին։
Իսրայէլացիներուն մեծամասնութեան տան տանիքը տափարակ էր։ Տանիքը իտէալական տեղ էր, ուր մարդիկ ջերմ արեւուն տակ ժամանակ կ’անցընէին, օդափոխութեան կ’ելլէին կամ առտնին գործեր կ’ընէին։ Ամառը, ատիկա քնանալու հանգստաւէտ տեղ մըն էր (Ա. Թագաւորաց 9։26)։ Իսկ հողագործը տանիքը կ’օգտագործէր չորցնելու համար թուզ եւ խաղող, ինչպէս նաեւ ցորեն՝ զայն աղալէ առաջ (Յեսու 2։6)։
Ասկէ զատ, թէ՛ ճշմարիտ երկրպագուները եւ թէ կեղծ երկրպագուները տանիքը կը գործածէին նաեւ պաշտամունքի համար (Նէեմիա 8։16-18. Երեմիա 19։13)։ Պետրոս առաքեալ օր մը կէսօրուան դէմ տանիք ելաւ աղօթելու (Գործք 10։9-16)։ Իսկ եթէ որթատունկերու կամ արմաւենիի տերեւներու միջոցաւ տանիքը շուք ունենար, առանձնացման ճոխ վայր կը դառնար։
Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ թէ հրէական տունը ‘բակէն տանիք հասցնող աստիճան’ ունէր (The Land and the Book)։ Ուստի, տանտէր մը կրնար տանիքը ձգել իջնել, առանց տուն մտնելու։ Ասիկա թերեւս կը բացատրէ դատապարտուած քաղաքէն հրատապութեամբ փախչելու Յիսուսի սա ազդարարութիւնը. «Ան որ տանիքին վրայ է, թող չիջնէ իր տունէն բան մը առնելու» (Մատթէոս 24։17)։