Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Եհովան զիս չէր մոռցած

Եհովան զիս չէր մոռցած
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1922

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ՍՊԱՆԻԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ԿՐՕՆԱԲԱՆ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Ծնայ միջակ դասակարգի պատկանող շրջանի մը մէջ, Պիլպաու, Հիւսիսային Սպանիա։ Չորս զաւակներու մէջ երկրորդը ես էի։ Ընտանիքս թունդ կաթողիկէ էր, եւ ես ամէն օր պատարագի ներկայ կը գտնուէի։ 23 տարեկանիս ուսուցչուհի եղայ,– գործ մը, որ սիրեցի եւ 40 տարի անով զբաղեցայ։ Ա՛յլ նիւթերու կողքին, կաթողիկէութիւնը ուսուցանելով կը հպարտանայի, իսկ երեկոները որպէս կրօնաբան կը ծառայէի, ցուցմունքներ տալով այն աղջիկներուն, որոնք իրենց առաջին հաղորդութիւնը պիտի առնէին։

12 տարի ուրախ ամուսնութիւն վայելեցի, ապա ամուսինս մահացաւ։ Միայն 33 տարեկան էի եւ չորս աղջիկներ ունէի։ Ջանացի կրօնքիս միջոցաւ մխիթարութիւն գտնել, բայց շարունակ հարցումներ ունէի։ Օրինակ՝ ‘եթէ Քրիստոս մեզ փրկեց, մարդիկ ինչո՞ւ տակաւին կը մեռնին։ Ինչո՞ւ կ’աղօթենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, եթէ բարիները երկինք կ’երթան’։ Ասկէ աւելին, մտածեցի. ‘Եթէ Աստուած մեզ կը դատէ երբ մեռնինք, ինչո՞ւ յետագային վերջնական դատաստանին համար պէտք է վերադառնանք երկինքէն, քաւարանէն կամ դժոխքէն’։

Այդ հարցումները կարգ մը վարդապետներու ուղղեցի։ Անոնցմէ մէկը պատասխանեց. «Չեմ գիտեր։ Եպիսկոպոսին հարցուր։ Բայց պատասխանը բան մը պիտի փոխէ՞։ Արդէ՛ն Աստուծոյ կը հաւատաս. բաւարա՛ր է»։ Այսուհանդերձ, շարունակեցի պատասխաններ փնտռել։ Յիսուսեաններու, պէնտէկոստականներու եւ գնոստիկներու կողմէ տրուած դասախօսութիւններու ներկայ գտնուեցայ։ Սակայն անոնք չկրցան գոհացուցիչ կերպով հարցումներուս պատասխանել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Երբ 60–ական տարիքիս մէջ էի, 7 տարեկան աշակերտուհի մը զիս հրաւիրեց, որպէսզի Եհովայի վկաներուն մէկ ժողովին ներկայ գտնուիմ։ Տեսածս ու լսածս սիրեցի, բայց խճողուած կեանք ունենալով, այդ ատեն Վկաներուն հետ շփման մէջ չեկայ։ Երկու տարի ետք, Վկայ զոյգ մը՝ Խուան եւ Մայթե դուռս զարկին։ Երեք ամիս հարց–պատասխանի նիստեր ունեցանք, ապա Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատուեցաւ։

Որքա՜ն անհամբեր կը սպասէի իւրաքանչիւր նիստի։ Ամէն բանի շուրջ բծախնդիր պրպտումներ կ’ընէի, գործածելով Աստուածաշունչի երեք թարգմանութիւններ, վստահ ըլլալու համար թէ Եհովայի վկաները ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէին։ Շուտով անդրադարձայ, թէ տասնամեակներէ ի վեր կրօնական գետնի վրայ որքա՜ն շփոթած վիճակ ունէի։ Նախկին հաւատալիքներուս եւ Աստուածաշունչէն սորվածներուս միջեւ հսկայ տարբերութիւնները տեսնելով՝ վրդովեցայ։ Զգացի թէ հաւատալիքներս ամբողջովին պէտք էր փոխէի, կարծես խոր արմատներ ունեցող ծառ մը արմատախիլ կ’ընէի։

Շատ լաւ գիտէի թէ գանձ մը գտած էի

Ետքը, երկրորդ ամուսինս լրջօրէն հիւանդացաւ եւ մահացաւ։ Այդ ժամանակ, գործէս հանգստեան կոչուեցայ եւ որոշ ատեն մը Պիլպաու քաղաքը ձգեցի։ Խուանը եւ Մայթեն ալ փոխադրուեցան։ Ցաւօք սրտի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնս չշարունակեցի։ Բայց շատ լաւ գիտէի, թէ գանձ մը գտած էի։ Եւ զայն բնաւ չմոռցայ։

Շուրջ 20 տարի ետք, երբ 82 տարեկան էի, Խուանը եւ Մայթեն Պիլպաու վերադարձան եւ ինծի այցելեցին։ Զիրենք դարձեալ տեսնելով՝ որքա՜ն ուրախացայ։ Գիտակցեցայ թէ Եհովան զիս չէր մոռցած, եւ սկսայ Աստուածաշունչը վերստին ուսումնասիրել։ Խուանը եւ Մայթեն ինծի հանդէպ համբերատար գտնուեցան, քանի որ յաճախ նոյն հարցումները կը կրկնէի։ Հարկ էր որ քանի մը անգամ աստուածաշնչական փաստերը լսէի, որպէսզի նախկին հաւատալիքներուս հանդէպ զգացական կապս խզէի։ Ինչպէս նաեւ ուզեցի լաւ պատրաստուիլ, որպէսզի բարեկամներուս եւ ընտանիքիս բացատրեմ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները։

Մկրտութեանս օրը կեանքիս ամէնէն երջանիկ օրն էր։ 87 տարեկան էի։ Մկրտութիւնը Եհովայի վկաներուն համաժողովի մը ընթացքին տեղի ունեցաւ։ Երէց մը Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութիւն տուաւ, որ մասնաւորաբար ուղղուած էր մկրտութեան թեկնածուներուն։ Դասախօսութիւնը մեծապէս ինծի ազդեց եւ աչքերս լեցուեցան։ Դասախօսութիւնը այնպէս մտիկ կ’ընէի, կարծես Եհովան ուղղակի ինծի կը խօսէր։ Մկրտութենէս ետք, Վկաներէն շատեր եկան զիս շնորհաւորելու,– թէեւ անոնց մեծամասնութեան անծանօթ էի։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Միշտ գիտէի թէ Յիսուս Քրիստոսը «ճամբան» է (Յովհաննէս 14։6)։ Բայց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնս զիս կարող դարձուց որ ճանչնամ Եհովան, որուն Յիսուս մեզ կ’ուղղէ։ Այժմ կրնամ աղօթել Աստուծոյ որպէս սիրելի Հայրս ու Բարեկամս։ Եհովայի մօտեցիր գիրքը * կարդալը կեանքիս մէջ դարձակէտ մըն էր։ Առաջին անգամ զայն կողքէ կողք մէկ գիշերուան մէջ կարդացի։ Եհովային ողորմած ըլլալը սրտիս դպաւ։

Երբ կը մտածեմ թէ որքա՜ն երկար ժամանակ կրօնական ճշմարտութիւնը փնտռեցի, միտքս կու գայ Յիսուսի խօսքը. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի» (Մատթէոս 7։7)։ Հիմա որ հարցումներուս պատասխանները գտած եմ, կ’ուրախանամ զանոնք ուրիշներուն հետ բաժնելով։

90 տարեկան ըլլալով հանդերձ, հոգեւորապէս երիտասարդ կը զգամ։ Թագաւորութեան սրահին մէջ իւրաքանչիւր ժողով, որուն ներկայ կը գտնուիմ, մասնայատուկ առիթ մըն է,– քանի որ թէ՛ թանկագին գիտելիքներ կը ստանամ եւ թէ իմ սիրելի եղբայրներուս եւ քոյրերուս ընկերակցութիւնը կը վայելեմ։ Կը տենչամ խոստացեալ Դրախտին մէջ դարձեալ ուսուցչուհի ըլլալ (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Մասնաւորաբար անձկագին կը սպասեմ սիրելիներս տեսնելու, որոնք մահուան քունով ննջած են, եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները անոնց սորվեցնելու (Գործք 24։15)։ Որքա՜ն կը տենչամ անոնց բացատրել, թէ Եհովան ինծի ի՜նչ թանկագին նուէր տուաւ ծերութեանս օրերուն։

^ պարբ. 15 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։