ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Տկար վիճակիս մէջ զօրութիւն գտած եմ
Ո՛չ մէկը պիտի խորհէր որ ուժեղ եմ, տեսնելով 30 քիլոկրամ կշռող իմ թուլակազմ մարմինս անուաթոռի մը վրայ։ Բայց մինչ մարմինս իր ուժը կը կորսնցնէ, ներքին զօրութիւնը թոյլ կու տայ որ տոկամ ու չյանձնուիմ։ Բացատրեմ թէ ինչպէ՛ս զօրութիւնն ու տկարութիւնը կեանքս կաղապարած են։
Երբ մանկութիւնս մտաբերեմ, կը յիշեմ այն ուրախ օրերը որ ծնողքիս հետ անցուցի Ֆրանսայի հարաւը գտնուող գիւղի մը մէջ։ Հայրս ինծի համար օրօրոց մը շինեց, եւ ես կը սիրէի պարտէզին մէջ վազել–խաղալ։ 1966–ին, Եհովայի վկաները մեր տունը այցելեցին եւ հօրս հետ երկար զրոյցներ ունեցան։ Միայն եօթը ամիս ետք, ան վճռեց Վկայ ըլլալ։ Շուտով մայրս նոյն քայլը առաւ, եւ անոնք զիս մեծցուցին ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Խնդիրներս սկսան Սպանիա՝ ծնողքիս ծննդավայրը՝ վերադառնալէ քիչ ետք։ Սկսայ ձեռքերուս ու կրունկներուս մէջ սուր ցաւեր զգալ։ Երկու տարի շարունակ շատ մը բժիշկներ տեսնելէ ետք, գտանք յօդացաւի մասնագէտ մը, որ լրջօրէն ըսաւ. «Ա՛լ շատ ուշ է»։ Մայրս սկսաւ լալ։ Այդ ցուրտ ու մռայլ սենեակին մէջ լսեցի տարօրինակ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «ինքնադիմադրողականութեան թերաշխատանքային երկարատեւ հիւանդութիւն» եւ «պատանեկան բազմայօդացաւութիւն» *։ Թէեւ տասը տարեկան աղջնակ մը ըլլալով շատ բան չէի հասկնար, սակայն գիտակցեցայ թէ լուրը վատ էր։
Բժիշկը թելադրեց որ երեխաներու բուժարանի մը մէջ դարմանուիմ։ Երբ հոն հասայ, հսկայ կառոյցը տեսնելով վախցայ։ Կրթութիւնը խիստ էր. մայրապետները մազերս կտրեցին եւ անճաշակ զգեստ մը հագցուցին։ Լալագին մտածեցի. «Ես հոս ինչպէ՞ս պիտի կարենամ ապրիլ»։
ԵՀՈՎԱՆ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ԻՐԱԿԱՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ
Քանի որ ծնողքս ինծի սորվեցուցած էր որ Եհովային ծառայեմ, մերժեցի բուժարանին կաթողիկէ ծէսերուն մասնակցիլ։ Մայրապետները չէին կրնար հասկնալ թէ ինչո՛ւ կը մերժէի։ Եհովային աղաչեցի որ զիս չլքէ, եւ շատ չանցած զգացի թէ անոր պահպանիչ բազուկը զիս կը փաթթէր, ինչպէս որ սիրալիր հայր մը ջերմ եւ ամուր կերպով իր զաւակը կը գրկէ։
Ծնողքիս արտօնութիւն տրուած էր շաբաթ օրերը ինծի կարճ այցելութիւն մը տալ։ Անոնք իրենց հետ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կը բերէին, որպէսզի հաւատքս զօրաւոր պահեմ։ Ընդհանրապէս, երեխաներուն արտօնուած չէր իրենց անձնական գիրքերը ունենալ, սակայն Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Երբեմն տխուր եւ մինակ զգալով հանդերձ, ուրախ էի որ Եհովային հանդէպ հաւատքս եւ վստահութիւնս հետզհետէ կը զօրանային։
մայրապետները թոյլ տուին որ գրքերս պահեմ Աստուածաշունչիս հետ, որ ամէն օր կը կարդայի։ Ես նաեւ ուրիշ աղջիկներու հետ կը բաժնէի երկրային Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսս,– տեղ մը, ուր ո՛չ մէկը պիտի հիւանդանայ (Վեց երկար ամիսներէ ետք, բժիշկները զիս տուն ղրկեցին։ Հիւանդութիւնս չէր մեղմացած, բայց ուրախ էի որ ծնողքիս վերադարձայ։ Յօդերս ա՛լ աւելի այլանդակ դարձան, եւ ցաւերս շատցան։ Շատ տկար վիճակով պատանեկութեան տարիքս սկսայ։ Այսուհանդերձ 14 տարեկանիս մկրտուեցայ, վճռելով երկնաւոր Հօրս ծառայելու մէջ լաւագոյնս ընել։ Բայց երբեմն յուսախաբ ըլլալով կ’աղօթէի. «Ինչո՞ւ ե՛ս։ Հաճիս զիս բուժէ՛։ Չե՞ս տեսներ թէ որքա՜ն կը տառապիմ»։
Պատանեկութեան շրջանը ինծի համար դժուար էր։ Պէտք էր ընդունէի որ վիճակս պիտի չբարելաւուէր։ Միշտ ինքզինքս կը բաղդատէի բարեկամներուս հետ, որոնք առողջ եւ կենսունակ էին։ Զգացի թէ անարժէք եմ եւ անձնակեդրոն դարձայ։ Սակայն, ընտանիքս եւ բարեկամներս ինծի թիկունք կանգնեցան։ Խանդաղատանքով կը յիշեմ Ալիսիան՝ 20 տարի ինձմէ մեծ քոյր մը, որ իսկական բարեկամուհի դարձաւ։ Ան ինծի օգնեց որ հիւանդութենէս անդին նայիմ եւ փոխանակ խնդիրներուս վրայ կեդրոնանալու, ուրիշներով հետաքրքրուիմ։
ԿԵԱՆՔՍ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ԿԵՐՊԵՐ ԳՏՆԵԼ
Երբ 18 տարեկան էի, խիստ ախտադարձ մը ունեցայ, եւ նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովներու յաճախելը զիս ուժասպառ կ’ընէր։ Այսուհանդերձ, տան մէջ ժամանակս լաւագոյն կերպով օգտագործեցի՝ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ ուսումնասիրելու։ Յոբ եւ Սաղմոսաց գիրքերը ինծի օգնեցին հասկնալու, թէ Եհովա Աստուած ներկայիս մեզ կը հոգայ գլխաւորաբար հոգեւորապէս, քան ֆիզիքապէս։ Յաճախակի աղօթքներս ինծի տուին «զօրութեան առաւելութիւնը» եւ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Բ. Կորնթացիս 4։7. Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։
22 տարեկանիս, ստիպուեցայ ընդունիլ թէ այլեւս կեանքս անուաթոռով պիտի շարունակէի։ Կը վախնայի որ մարդիկ ա՛լ զիս պիտի չնշմարէին, հապա միայն պիտի տեսնէին հիւանդ մը՝ անուաթոռի վրայ նստած։ Սակայն անուաթոռը որոշ անկախութիւն տուաւ ինծի, եւ «անէծքը» դարձաւ օրհնութիւն։ Իզապէլ անունով բարեկամուհի մը ինծի առաջարկեց, որ մէկ ամսուան համար նպատակակէտ դնեմ՝ իրեն հետ 60 ժամ քարոզչութեան մասնակցիլ։
Սկիզբը գաղափարը ծիծաղելի թուեցաւ ինծի։ Բայց Եհովայէն օգնութիւն խնդրեցի, եւ ընտանիքիս ու բարեկամներուս աջակցութեամբ նպատակակէտիս հասայ։ Այդ խճողուած ամիսը շուտով անցաւ, եւ անդրադարձայ թէ վախերս ու ամչկոտութիւնս յաղթահարած էի։ Այնքա՛ն հաճոյք ստացայ, որ 1996–ին որոշեցի կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ, ամէն ամիս ծառայութեան 90 ժամ տրամադրելով։ Ասիկա լաւագոյն որոշումներէս մէկն էր, որ զիս Աստուծոյ մօտեցուց եւ նոյնիսկ ֆիզիքապէս զօրացուց։ Ծառայութեան մասնակցիլս թոյլ տուաւ որ հաւատքս շատերու հետ բաժնեմ եւ ոմանց օգնեմ որ Աստուծոյ բարեկամները դառնան։
ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՄ ՁԵՌՔԷՍ ԲՌՆԵԼ
2001–ի ամրան, ինքնաշարժի ահռելի արկածով սրունքներս կոտրուեցան։ Մինչ հիւանդանոցին մէկ անկողնին մէջ կը տանջուէի, ջերմեռանդօրէն լռելեայն աղօթեցի. «Հաճի՛ս Եհովա, զիս մի՛ թողուր»։ Ճիշդ այն ատեն, կողքիս հիւանդ կինը հարցուց. «Դուն Եհովայի վկա՞յ մըն ես»։ Պատասխանելու ոյժ չունենալով, գլուխս շարժեցի։ Ան ըսաւ. «Ես ձեզ կը ճանչնամ։ Յաճախ ձեր պարբերաթերթերը կը կարդամ»։ Այդ խօսքերը զիս մեծապէս մխիթարեցին։ Նոյնիսկ խղճալի վիճակիս մէջ, կրնայի Եհովային մասին վկայութիւն տալ։ Ի՜նչ մեծ պատիւ։
Քիչ մը ապաքինելէ ետք, որոշեցի ա՛լ աւելի վկայել։ Հիւանդանոցին մէջ, ամէն օր մայրս անուաթոռս հրելով՝ քանի մը հիւանդներու կ’այցելէինք, իրենց որպիսութիւնը կը հարցնէինք եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կը յանձնէինք։ Այդ այցելութիւնները յոգնեցուցիչ էին, բայց Եհովան ինծի պէտք եղած զօրութիւնը տուաւ։
Վերջին քանի մը տարիներուն, ցաւերս շատցած են եւ հօրս մահանալը վիշտս աւելցուցած է։ Բայց եւ այնպէս, կը ջանամ լաւատես ըլլալ։ Ինչպէ՞ս։ Երբոր յարմար ըլլայ, կը ջանամ բարեկամներուս եւ ազգականներուս հետ ժամանակ անցընել, եւ ասիկա ինծի կ’օգնէ որ խնդիրներուս մասին չմտածեմ։ Իսկ
երբ առանձին ըլլամ՝ կը կարդամ, Աստուածաշունչը կը սերտեմ կամ հեռաձայնով ուրիշներուն կը քարոզեմ։Յաճախ աչքերս կը գոցեմ եւ անձնական «պատուհանս» բանալով՝ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհը կը դիտեմ
Նաեւ կը փորձեմ պզտիկ բաներէ հաճոյք առնել, ինչպէս՝ երեսիս փչող զեփիւռը կամ բուրումնաւէտ ծաղիկները։ Ասոնք պատճառ կու տան որ շնորհապարտ ըլլամ։ Զուարթամիտ ըլլալն ալ հրաշալիքներ կ’ընէ։ Օր մը, մինչ քարոզչութեան մէջ էինք, զառիվայր ճամբու վրայ բարեկամուհիս անուաթոռս հրելու ատեն կանգ առաւ, որպէսզի նոթագրէ։ Յանկարծ անուաթոռս սուրաց ու կանգ առած ինքնաշարժի մը զարնուեցաւ։ Երկուքս ալ ցնցուեցանք, բայց երբ տեսանք թէ լուրջ վնաս մը չէր եղած, ամբողջ սրտով խնդացինք։
Կեանքի մէջ շատ բաներ կան որ չեմ կրնար ընել։ Զանոնք կը կոչեմ՝ առկախուած փափաքներս։ Յաճախ աչքերս կը գոցեմ եւ անձնական «պատուհանս» բանալով՝ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհը կը դիտեմ (Բ. Պետրոս 3։13)։ Կ’երեւակայեմ որ առողջ եմ, կը քալեմ եւ կեանքը լիովին կը վայելեմ։ Լուրջի կ’առնեմ Դաւիթ թագաւորին խօսքը. «Տէրոջը սպասէ՛։ Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ» (Սաղմոս 27։14)։ Թէեւ մարմինս ա՛լ աւելի դիւրաբեկ դարձած է, սակայն Եհովան զիս զօրացուցած է։ Ես կը շարունակեմ տկար վիճակիս մէջ զօրութիւն գտնել։
^ պարբ. 6 Պատանեկան բազմայօդացաւութիւնը երկարատեւ յօդատապի տեսակ մըն է, որ երեխաները կը հարուածէ։ Մարմնին ախտազերծական դրութիւնը առողջ հիւսկէններու վրայ կը յարձակի ու զանոնք կը փճացնէ, յօդերուն մէջ ցաւ եւ ուռեցք պատճառելով։