Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Յիսուսի մահը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ։

Երբ Աստուած մարդիկը ստեղծեց, իր նպատակն էր որ անոնք երկրի վրայ առանց հիւանդութիւն կամ մահ տեսնելու՝ յաւիտեան ապրին։ Սակայն առաջին մարդը՝ Ադամ Ստեղծիչին անհնազանդ գտնուեցաւ եւ առյաւէտ ապրելու հեռանկարը կորսնցուց։ Մենք, Ադամի սերունդը ըլլալով, իրմէ ժառանգեցինք մահը (Հռովմայեցիս 5։8, 12. 6։23)։ Ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան, իր Որդին՝ Յիսուսը երկիր ղրկեց, որպէսզի մահանայ եւ Ադամի կորսնցուցածը փրկէ (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16

Յիսուս մեռաւ որպէսզի մարդկութիւնը կարենայ յաւիտեան ապրիլ։ Ինչպէ՞ս կը պատկերացնես երկրի վրայ առյաւէտ ապրիլը

Յիսուսի մահը կարելի կը դարձնէ որ մեր մեղքերը ներուին եւ յաւիտենական կեանք ունենանք։ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ թէ երկրի վրայ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ, երբ այլեւս չծերանանք, չհիւանդանանք եւ չմեռնինք (կարդա՛ Եսայի 25։8. 33։24. Յայտնութիւն 21։4, 5

Յիսուսի մահը ինչպէ՞ս պէտք է յիշատակենք։

Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ իր մահը պարզ արարողութեամբ յիշատակեն։ Այդ կերպով ամէն տարի Յիսուսի մահը յիշատակելը թոյլ կու տայ, որ խոկանք թէ Յիսուս եւ Եհովա որքա՜ն մարդկութիւնը կը սիրեն (կարդա՛ Ղուկաս 22։19, 20. Ա. Յովհաննէս 4։9, 10

 

Կրնաս զայն բեռնել մեր կայքէն՝ www.mr1310.com