Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ԱՊԱԳԱՆ ԳԻՏՆԱԼ

Գուշակութիւնները որքանո՞վ ճիշդ են

Գուշակութիւնները որքանո՞վ ճիշդ են

Կ’ուզե՞ս ապագադ գիտնալ։ Այս հարցումը իւրաքանչիւրս կը հետաքրքրէ։ Շատեր կը փորձեն ապագան գուշակել՝ հասնելով տարբեր եզրակացութիւններու։ Նկատի առ հետեւեալը.

  • ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ արդիական մեքենաներ կը գործածեն եւ հսկայ գումարներ կը ծախսեն, որպէսզի զանազան գուշակութիւններ ընեն. օրինակ՝ ապականութիւնը ի վերջոյ ինչպէ՛ս պիտի ազդէ երկրագունդին, կամ եթէ շրջանիդ մէջ պիտի անձրեւէ՛ կամ ոչ։

  • ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՎԵՐԼՈՒԾՈՂՆԵՐ կը գուշակեն թէ առեւտրական աշխարհը եւ քաղաքականութիւնը ի՛նչ ընդհանուր ուղղութիւններ պիտի բռնեն։ Աշխարհի մեծահարուստներէն մէկը՝ Ուորեն Պաֆֆեթ, կրցած է ա՛յնքան ճշգրտութեամբ առեւտրական ընդհանուր ուղղութիւններ նախատեսել, որ ոմանք զինք գուշակ անուանած են։ Ուրիշ վերլուծող մը՝ Նէյթ Սիլվըր, վիճակագրական տուեալներ մեկնաբանելով՝ կրցած է ամէն բանի շուրջ գուշակութիւն ընել, Ամերիկայի քաղաքականութենէն մինչեւ հոլիվուտեան ֆիլմերու մրցանակաբաշխութիւնը։

  • ՀԻՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ որպէս մարգարէութիւններ մեկնաբանուած են։ Ոմանք նկատած են, թէ 16–րդ դարու՝ Միշէլ տէ Նօթրըտամի (Նօսթրատամուս) անյստակ գրութիւնները արդի կիրարկումներ ունին։ Ուրիշներ մեկնաբանած են, թէ 21 դեկտեմբեր 2012–ին վերջ գտած մայաներու օրացոյցը վիճակներու մեծ փոփոխութեան նախանշան մըն էր։

  • ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ երբեմն համաշխարհային աղէտալի դէպքեր կը նախագուշակեն, որպէսզի մարդիկը զգուշացնեն եւ հետեւորդներ հաւաքեն։ Աշխարհի վերջը գուշակող կրօնական Հէրոլտ Գէմբինկ եւ իր հետեւորդները ընդարձակ կերպով ծանուցանեցին, թէ 2011–ին երկրագունդը պիտի կործանուէր։ Հարկ չկայ ըսելու թէ աշխարհը տակաւին առկայ է։

  • ՈԳԵՀԱՐՑՆԵՐ կը դաւանին թէ ապագան գիտնալու յատուկ կարողութիւններ ունին։ Էտկար Քէյսի եւ Ճինի Տիգսըն կարգ մը ճիշդ գուշակութիւններ ըրին 20–րդ դարուն պատահելիք դէպքերուն մասին։ Բայց երկուքը բազմաթիւ սխալ գուշակութիւններ ալ ըրին։ Օրինակի համար, Տիգսըն գուշակեց թէ 1958–ին Գ. Աշխարհամարտը պիտի սկսէր, իսկ Քէյսի գուշակեց թէ 1970–ական թուականներու կիսուն, Նիւ Եորք քաղաքը ովկիանոսին մէջ պիտի ընկղմէր։

Կա՞յ արդեօք վստահելի կերպ մը ապագան գիտնալու։ Ասիկա կարեւոր հարցում մըն է, որովհետեւ եթէ կարենայիր գալիք դէպքերը կանխաւ գիտնալ, կեանքդ բոլորովին տարբեր պիտի ըլլար։