Գիտէի՞ր
Ոճրագործներու մահապատիժը ինչո՞ւ կը պարփակէր անոնց սրունքները կոտրել։
Տանջանքի ցիցերու վրայ՝ Յիսուսի եւ երկու ոճրագործներուն մահապատիժին առնչութեամբ, Աւետարանը կ’ըսէ. «Հրեաները. . . Պիղատոսին աղաչեցին, որ անոնց սրունքները կոտրտեն ու վերցուին» (Յովհաննէս 19։31)։
Հրէական օրէնքը նշեց, թէ ծառէ մը կախուած ոճրագործին մարմինը մահապատիժէն ետք «գիշերը պէտք չէ մնայ» (Բ. Օրինաց 21։22, 23)։ Այնպէս կը թուի, թէ հրեաները նոյն օրէնքը կիրարկեցին անոնց վրայ՝ որոնք հռոմայեցիներուն կողմէ ցիցերու վրայ մահուան դատապարտուեցան։ Գալով Յիսուսին եւ երկու ոճրագործներուն, անոնց սրունքները կոտրելը անոնց մահը պիտի արագացնէր, եւ թոյլ պիտի տար որ թաղուէին արեւամուտին՝ Շաբաթը սկսելէն առաջ։
Այսպիսի շատ մը մահապատիժներու ընթացքին, դատապարտեալը իր ձեռքերէն ու ոտքերէն ցիցի մը վրայ կը գամուէր։ Երբ ցիցը բարձրացուէր, ան կախուած կը մնար անտանելի ցաւեր քաշելով, քանի որ իր ամբողջ ծանրութիւնը այդ գամերուն վրայ կ’ըլլար։ Շունչ առնելու համար, անհատը պէտք էր իր գամուած ոտքերուն ոյժ տար։ Բայց եթէ իր սրունքները կոտրուէին, ասիկա ընելը անկարելի պիտի ըլլար։ Այսպէս, շունչը կտրուելով ան շուտով պիտի մեռնէր. եթէ ցնցումի հետեւանքով՝ արդէն մեռած չըլլար։
Անցեալի պատերազմներուն մէջ, պարսատիկը ինչպէ՞ս կը գործածուէր։
Պարսատիկը քար արձակելու այն զէնքն էր, որ Դաւիթ գործածեց հսկայ Գողիաթը սպաննելու։ Այնպէս կը թուի, թէ Դաւիթ սորվեցաւ այս գործիքը գործածել, երբ պատանի հովիւ էր (Ա. Թագաւորաց 17։40-50)։
Պարսատիկը նկարագրուած է վաղեմի եգիպտական ե՛ւ ասուրական ձեռարուեստին մէջ։ Գործիքը կտոր մը կաշի էր, որուն միացած էին երկու երկար կապեր կամ չուաններ։ Պարսաձիգը այս կտորին մէջ կը դնէր ողորկ եւ կլոր քար մը, որուն տրամագիծը 5–էն 7.5 սմ. էր, իսկ կշիռքը՝ մօտ 250 կ.։ Ապա, ան պարսատիկը քանի մը անգամ օդին մէջ կը դարձնէր եւ կապերէն մէկը կ’արձակէր, թոյլ տալով որ քարը ուժգնութեամբ նշանակէտը հարուածէր։
Միջին Արեւելքի մէջ պեղումները երեւան հանած են բազմաթիւ պարսաքարեր, որոնք անցեալի պատերազմներէն մնացած են։ Հմուտ ռազմիկներ թերեւս 160-240 քմ/ժամ արագութեամբ պարսաքարեր կ’արձակէին։ Ուսումնականներ համակարծիք չեն, թէ պարսաքարը նետի մը պէս հեռու կ’արձակուէր կամ ոչ. բայց ատիկա կրնար նոյնքան մահացու ըլլալ (Դատաւորաց 20։16)։