ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԳՈՐԾԷԴ ՀԱՃՈՅՔ ԱՌՆԵԼ
Ծանր աշխատանքը դեռ ժամանակայարմա՞ր է
Ալեքս կը հառաչէ, մինչ ուրիշ տուփ մըն ալ կը դնէ այն ընկերութեան փոխադրակառքին մէջ, որուն համար կ’աշխատի։ «Ինչո՞ւ կ’աշխատիմ գործ մը, որուն մէջ տեղ մը պիտի չհասնիմ», հարց կու տայ ինքն իրեն։ «Ե՞րբ մեծ յաջողութիւն պիտի գտնեմ։ Կեանքս շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ ստիպուած չըլլայի աշխատիլ»։
Այսօր շատ կան, որ Ալեքսին պէս հաճոյք չեն առներ ծանր աշխատանքէն։ «Շատեր կը խորհին, որ ‘աննշան’ գործ աշխատիլը իրենց մակարդակէն ցած է», կ’ըսէ Արոն անունով մեքենագործ մը։ «Այս է իրենց կեցուածքը. ‘Ես ասիկա կ’ընեմ մինչեւ որ աւելի լաւ առիթ մը բացուի’»։
Ինչո՞ւ շատեր կը խորհին որ ծանր գործը իրենց յարմար չէ։ Թերեւս անոնք ազդուած են հաղորդամիջոցներէն, որոնք «իտէալական» կեանքը յաճախ ճոխութեան եւ հանգստաւէտութեան հետ կը կապեն։ «Մարդիկ կը կարծեն թէ ո՛րքան աւելի ծանր աշխատիս ապրուստ ճարելու համար, ա՛յնքան աւելի ձախող մէկը կ’ըլլաս», կ’ըսէ Մեթիու, որուն գործը նորոգութիւն է։ Շէյն անունով պահակ մը միեւնոյն բանը նկատած է։ Ան կ’ըսէ. «Մէկ օրուան աշխատավարձի փոխարէն մէկ լման օր աշխատիլը այլեւս մարդոց գաղափարին հետ ներդաշնակ չէ»։
Միւս կողմէ, բազմաթիւ յաջող անհատներ իրապէս հաճոյք կ’առնեն իրենց ծանր աշխատանքէն։ «Իմ կարծիքովս, ծանր աշխատիլը շա՜տ վարձահատոյց է, մա՛նաւանդ եթէ նեղութիւնը արժող նպատակակէտերու համար ըլլայ», կ’ըսէ Տանիէլ անունով 25 ամեայ շինարար մը։ Անոր կարծիքին համամիտ եղող 23 ամեայ Անտրէն կը նշէ. «Կը խորհիմ որ երջանկութիւնն ու հաճոյքը առնչուած են աշխատանքին։ Քիչ աշխատիլը ոչ թէ երկարատեւ երջանկութեան կ’առաջնորդէ, հապա՝ երկարատեւ ձանձրոյթի»։
Տանիէլի եւ Անտրէի նման մարդիկ ինչպէ՞ս դրական կեցուածք զարգացուցած են ծանր աշխատանքի նկատմամբ։ Կարճ խօսքով, անոնք Աստուածաշունչի սկզբունքներ կիրարկած են իրենց կեանքին մէջ։ Աստուածաշունչը ծանր աշխատանքի դէմ չէ. ընդհակառակը, անիկա աշխատասիրութիւն եւ յարատեւութիւն կը քաջալերէ։ Աւելին, Աստուածաշունչը մեզի ոչ միայն կ’ըսէ որ աշխատինք, այլեւ՝ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր գործէն հաճոյք առնել։
Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները կրնան քեզի օգնել որ գործիդ մէջ գոհունակութիւն գտնես։ Ինչո՞ւ ատոնցմէ ոմանք նկատի չառնես յաջորդ յօդուածին մէջ։