Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Կեանքս երթալով կը վատթարանար

Կեանքս երթալով կը վատթարանար
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1952

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ։ ԲԱՐԿԱՑԿՈՏ ԵՒ ՎԱՅՐԱԳ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Մեծցած եմ Լոս Անճէլոսի մէջ, Քալիֆորնիա (ԱՄՆ), զանազան շրջաններու մէջ, որոնք տխրահռչակ էին աւազակախումբերով եւ թմրեցուցիչով։ Ծնողքս վեց երեխայ մեծցուցած էր, որոնց երկրորդը ես էի։

Մայրս մեզ որպէս աւետարանական մեծցուց։ Բայց պատանեկութեան շրջանիս, կրկնակի կեանք կ’ապրէի։ Կիրակի օրերը եկեղեցական երգչախումբին մէջ կ’երգէի, իսկ մնացած օրերը՝ հաւաքոյթներու կ’երթայի, թմրեցուցիչ կը գործածէի եւ սեռային անբարոյութիւն կը գործէի։

Արագօրէն կը զայրանայի։ Ձեռքս ինչ որ անցնէր, կը գործածէի իբրեւ զէնք յաղթելու համար։ Եկեղեցիէն սորված բաներս ինծի չօգնեցին։ Կ’ըսէի. «Վրէժխնդրութիւնը Տէրոջն է, իսկ ես՝ իր գործիքն եմ»։ 1960–ական թուականներուն վերջաւորութեան, երբ բարձրագոյն վարժարան կը յաճախէի, ազդուեցայ «Սեւ յովազներ»էն,– քաղաքական կազմակերպութիւն մը, որ քաղաքացիական իրաւունքները կռիւով կը պաշտպանէր։ Հետեւաբար, քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանող աշակերտական խումբի մը միացայ եւ քանի մը անգամ բողոքի ցոյցեր ըրինք, ամէն անգամ դպրոցը ժամանակաւորապէս փակելով։

Զգացի որ բողոքելը չէր գոհացներ վայրագ բնոյթս։ Ուստի սկսայ ատելավառ ոճիրներու միջամուխ ըլլալ։ Օրինակի համար, ատենէ ատեն ընկերներով սինեմա կ’երթայինք դիտելու ֆիլմեր, որոնք կը ցուցադրէին ափրիկեցի ստրուկներուն չարչարանքը Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Ա՛յնքան կը կատղէինք այդ անարդարութիւնները դիտելով, որ ճերմակամորթ պատանի հանդիսատեսներուն վրայ կը յարձակէինք։ Ապա կ’երթայինք ճերմակամորթ բնակիչներու շրջաններ, որպէսզի աւելի մարդ ծեծենք։

Պատանեկութեանս վերջաւորութեան, ես ու եղբայրներս բազմաթիւ վայրագ ոճիրներ կը գործէինք։ Առ ի արդիւնք, իշխանութիւններուն հետ խնդիրի մէջ էինք։ Պզտիկ եղբայրներէս մէկը տխրահռչակ աւազակախումբի կը պատկանէր եւ ես իրենց կ’ընկերակցէի։ Կեանքս երթալով կը վատթարանար։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Ընկերներէս մէկուն ծնողքը Եհովայի վկայ էր։ Անոնք զիս հրաւիրեցին իրենց ժողովքային հանդիպումներուն. ես ալ ընդառաջեցի։ Առաջին օրէն իսկ տեսայ թէ որքան տարբեր են Վկաները։ Ամէն անհատ Աստուածաշունչ ունէր եւ զայն կը գործածէր ժողովի ատեն։ Նոյնիսկ պատանիները բաժիններ կու տային։ Տպաւորուեցայ գիտնալով որ Աստուած անուն մը ունի, Եհովա, եւ լսելով այդ անունը ամէնուն բերնէն (Սաղմոս 83։18)։ Ժողովքին մէջ բազմատեսակ ազգութիւններ ըլլալով հանդերձ, ցեղային ո՛չ մէկ բաժանում կար։

Սկիզբը չուզեցի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել, բայց իրենց ժողովներէն կ’ախորժէի։ Գիշերով մը, երբ ժողովի էի, ընկերներէս խումբ մը նուագահանդէսի գնաց։ Հոն, անոնք ծեծելով սպաննեցին պատանի մը, քանի որ մերժեց իր կաշիէ բաճկոնը տալ։ Յաջորդ օրը, ընկերներս այդ ոճրագործութեան վրայ յոխորտացին։ Մինչեւ իսկ խնդալու տուին, երբ կը դատուէին։ Անոնց մեծամասնութիւնը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Անշուշտ, ես չափազանց ուրախ էի որ այդ գիշեր իրենց հետ չէի։ Վճռեցի կեանքս փոխել եւ սկսայ Աստուածաշունչը սերտել։

Ցեղային խտրականութեամբ լի ենթահող մը ունենալով, Վկաներուն մէջ տեսայ բաներ՝ որոնք զարմացուցին զիս։ Ճերմակամորթ Վկայ մը, զոր օրինակ, երբ ստիպուեցաւ երկրէն դուրս ճամբորդել, իր զաւակները սեւամորթ ընտանիքի մը հոգատարութեան յանձնեց։ Նմանապէս, ճերմակամորթ ընտանիք մը իրենց տունը բացին սեւամորթ պատանիի մը, որ ապրելու տեղ չունէր։ Ես համոզուեցայ որ Եհովայի վկաները Յովհաննէս 13։35–ի մէջ գրուած Յիսուսի խօսքին համաձայն կ’ապրին. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ Վստահ էի որ գտածս իսկական եղբայրութիւն էր։

Մինչ Աստուածաշունչը կը սերտէի, անդրադարձայ որ պէտք է մտածելակերպս փոխեմ, միտքս նորոգելով, որպէսզի ոչ միայն խաղաղարար ըլլամ, այլեւ՝ համոզուած ըլլամ որ ասիկա լաւագոյն ապրելակերպն է (Հռովմայեցիս 12։2)։ Աստիճանաբար յառաջդիմելով, յունուար 1974–ին մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ։

Պէտք էր միտքս նորոգէի, որպէսզի ոչ միայն խաղաղարար ըլլամ, այլեւ՝ համոզուած ըլլամ որ ասիկա լաւագոյն ապրելակերպն է

Բայց նոյնիսկ մկրտութենէս ետք պէտք էր ժուժկալութիւն մշակէի։ Օրինակ, առիթով մը երբ տունէ տուն կը քարոզէի, անհատ մը ինքնաշարժիս ռատիոն գողցաւ։ Ես անոր ետեւէն վազեցի, եւ երբ մօտեցայ, ռատիոն գետին նետեց ու փախաւ։ Երբ ծառայակիցներուս պատմեցի թէ ինչպէ՛ս ռատիոն ետ առի, երէց մը հարցուց. «Սթի՛վըն, ի՞նչ պիտի ընէիր եթէ զինք բռնէիր»։ Այդ հարցումը խելքս աշխատցուց եւ մղեց զիս որ շարունակեմ խաղաղարար ըլլալու վրայ աշխատիլ։

Հոկտեմբեր 1974–ին սկսայ լիաժամ ծառայութիւն ընել, ամիսը 100 ժամ Աստուածաշունչը քարոզելով։ Յետագային առանձնաշնորհումը ունեցայ կամաւորաբար աշխատելու Եհովայի վկաներու գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ, Պրուքլին, Նիւ Եորք։ 1978–ին Լոս Անճէլոս վերադարձայ մօրս հոգ տանելու, քանի որ հիւանդ էր։ Իսկ երկու տարի ետք, ամուսնացայ Արհանտայի հետ։ Ան մեծ թիկունք եղաւ ինծի, մինչ մօրս մինչեւ վերջ հոգ տարինք։ Ժամանակ մը ետք, ես ու կինս Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոցը գացինք եւ նշանակուեցանք Բանամա քարոզելու, ուր մինչեւ օրս միսիոնարութիւն կ’ընենք։

Մկրտութենէս ի վեր, բազմաթիւ պարագաներէ անցայ, որոնց մէջ կրնայի վայրագօրէն հակազդել։ Բայց սորվեցայ կա՛մ ջղայնութիւնս գրգռող մարդոցմէ հեռանալ եւ կամ կացութիւնը ուրիշ կերպերով մեղմացնել։ Շատեր, ներառեալ կինս, զիս գոված են իմ այս թափած ջանքերուս համար։ Մինչեւ իսկ ե՛ս զարմացած եմ իմ վրաս։ Բայց բնաւորութեանս մէջ կատարուած այս փոփոխութիւններուն համար վարկը ինծի չեմ տար, այլ՝ Աստուծոյ Խօսքին փոխակերպիչ զօրութեան (Եբրայեցիս 4։12

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Աստուածաշունչին միջոցով կեանքս այլեւս նպատակ մը ունի, եւ սորված եմ ի՛րապէս խաղաղասէր ըլլալ։ Ա՛լ մարդոց չեմ զարներ, հապա կ’օգնեմ որ հոգեւորապէս առողջանան։ Աստուածաշունչը սերտած եմ նոյնիսկ անհատի մը հետ, որ իմ նախկին թշնամիս էր բարձրագոյն վարժարանիս օրերուն։ Իր մկրտութենէն ետք, ժամանակ մը իր սենեկակիցը եղայ։ Մինչեւ օրս տակաւին սերտ բարեկամներ ենք։ Ես ու կինս աւելի քան 80 հոգիի օգնած ենք, որ Եհովայի վկայ ըլլան՝ իրենց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով։

Խորապէս երախտապարտ եմ Եհովային, որ կեանքս իրապէս իմաստալից եւ ուրախ դարձուցած է եւ եղբայրութիւն տուած է։