Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԴԻՏԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

Ներկայիս Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէ

Ներկայիս Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէ

Ներկայիս մարդիկ կը հարստահարուին։ Շատեր կրկին անգամ Աստուծմէ կը խնդրեն որ հանգստանան եւ հարց կու տան եթէ անիկա երբեք իրենց պիտի տրուի։ Աստուած օգնութեան այդ աղերսանքները կը լսէ՞։ Իսկ ի՞նչ ըսել անոնց մասին, որոնք իրենց կեղեքումին վերջ դնելու համար պատերազմներու կը դիմեն։ Աստուած իրենց կ’օգնէ՞, այդ պատերազմները արդարացի նկատելով։

Արմագեդոնը բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող պատերազմը պիտի ըլլայ

Նախ այս ճշմարտութիւնով մխիթարուէ. Աստուած ներկայիս աշխարհի մէջ եղած տառապանքը կը տեսնէ եւ մտադրած է անոր նկատմամբ բան մը ընել (Սաղմոս 72։13, 14)։ Ան իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ ‘նեղութիւն կրողներուն հանգստութիւն’ կը խոստանայ։ Ասիկա ե՞րբ պիտի ըլլայ։ «Երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը. . . վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր» (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8)։ Յիսուսի այս յայտնութիւնը տեղի պիտի ունենայ ապագային՝ «Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին», ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը կոչէ։ Անիկա նաեւ ճանչցուած է որպէս Արմագեդոն (Յայտնութիւն 16։14, 16

Այդ գալիք պատերազմին, Աստուած չարերուն դէմ պատերազմելու համար պիտի գործածէ ո՛չ թէ մարդիկ, հապա իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը եւ այլ զօրեղ հոգեղէն արարածներ։ Այդ երկնային զօրքը ամէն տեսակ կեղեքումի վերջ պիտի դնէ (Եսայի 11։4. Յայտնութիւն 19։11-16

Մինչեւ օրս, պատերազմներու նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը չէ փոխուած։ Ան տակաւին պատերազմները կը դիտէ որպէս օրինաւոր միջոց՝ ամէն տեսակ կեղեքումի եւ չարութեան վերջ դնելու։ Բայց ինչպէս ամբողջ պատմութեան ընթացքին, նոյնպէս ներկայիս միա՛յն Աստուած արդարացիօրէն կ’որոշէ թէ այսպիսի պատերազմներ ե՛րբ պիտի մղուին եւ ո՛վ պիտի մղէ զանոնք։ Ինչպէս որ տեսանք, Աստուած արդէն իսկ որոշած է, թէ չարութեան վերջ դնելու եւ հարստահարուածներուն վրէժը առնելու պատերազմը ապագային պիտի մղուի եւ թէ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը այդ պատերազմը պիտի մղէ։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ ներկայիս աշխարհի մէջ մղուած պատերազմները Աստուծոյ հաւանութիւնը չունին, որքա՛ն ալ վսեմ թուին իրենց նպատակները։

Լուսաբանենք. երեւակայէ թէ 2 եղբայրներ կը սկսին իրարու հետ կռուիլ, երբ իրենց հայրը տունը չէ։ Անոնք ժամանակաւորապէս կռուելէ դադրելով իրենց հօր կը հեռաձայնեն։ Եղբայրներէն մէկը կ’ըսէ թէ մի՛ւսը կռիւը սկսաւ, իսկ երկրորդ տղան կ’ըսէ թէ եղբա՛յրը զինք կը նեղէր։ Երկուքն ալ իրենց հօր կը դիմեն՝ իւրաքանչիւրը յուսալով որ հայրը իր կողմը պիտի բռնէ։ Սակայն երկու կողմերը մտիկ ընելէ ետք, հայրը իրենց կ’ըսէ որ կռուելէ դադրին եւ սպասեն մինչեւ որ ինք տուն գայ եւ խնդիրը լուծէ։ Անոնք որոշ ժամանակ կը սպասեն, բայց շատ չանցած դարձեալ կը սկսին կռուիլ։ Երբ հայրը տուն կու գայ, երկու զաւակներէն ալ կը դժգոհի եւ երկուքն ալ կը պատժէ, քանի որ իրեն չհնազանդեցան։

Ներկայիս, պատերազմող ազգերը յաճախ Աստուծոյ աջակցութիւնը կը խնդրեն։ Բայց ան այժմու պատերազմներուն մէջ կողմ չի բռներ։ Փոխարէն իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ յստակօրէն կ’ըսէ. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք» եւ «Վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար» (Հռովմայեցիս 12։17, 19)։ Ասկէ զատ ան ըսած է որ մարդկութիւնը պէտք է ‘իրեն համբերէ’ մինչեւ որ ինք գործի լծուի,– ինչ որ պիտի ընէ Արմագեդոնին (Սաղմոս 37։7)։ Բայց երբ ազգերը իրեն չսպասելով պատերազմի կը դիմեն, Աստուած այս պատերազմները կը նկատէ զինք տհաճեցնող վայրագութեան յանդուգն արարքներ։ Ուստի Արմագեդոնին ան իր բարկութիւնը պիտի թափէ եւ մէկ անգամ ընդմիշտ ազգերուն խնդիրները լուծէ՝ ‘պատերազմները դադրեցնելով մինչեւ երկրի ծայրը’ (Սաղմոս 46։9. Եսայի 34։2)։ Իրապէս, Արմագեդոնը բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող պատերազմը պիտի ըլլայ։

Պատերազմներու վերջ դնելը Աստուծոյ Թագաւորութեան շա՜տ մը օրհնութիւններէն մէկն է։ Յիսուս այդ կառավարութեան մասին խօսեցաւ այս հանրածանօթ աղօթքին մէջ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ո՛չ միայն բոլոր պատերազմները պիտի դադրեցնէ, այլեւ պիտի վերացնէ պատերազմին պատճառը. չարութիւնը (Սաղմոս 37։9, 10, 14, 15) *։ Ուստի զարմանալի չէ որ Յիսուսի հետեւորդները անձկագին կը սպասեն Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւններուն (Բ. Պետրոս 3։13

Բայց որքա՞ն պէտք է սպասենք Աստուծոյ Թագաւորութեան, որ վերջ դնէ ամէն տառապանքի, կեղեքումի եւ չարութեան։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու կատարումը ցոյց կու տայ, որ այս դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) *։ Շուտով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս վերջին օրերուն վերջ պիտի դնէ՝ Արմագեդոն պատերազմով։

Ինչպէս որ նախապէս նշուեցաւ, այս վերջին պատերազմին մէջ մեռնողները պիտի ըլլան անոնք, որոնք կը մերժեն ‘մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին հնազանդիլ’ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8)։ Բայց յիշէ թէ Աստուած չ’ուզեր որ մէ՛կը մեռնի,– ներառեալ չարերը (Եզեկիէլ 33։11)։ Եւ քանի որ Աստուած չ’ուզեր որ այս վերջին պատերազմին մէջ «մէ՛կը կորսուի», ան ներկայիս վստահ կ’ըլլայ որ Յիսուսի աւետարանը ‘բովանդակ աշխարհի մէջ քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու’, առաջ որ վերջը գայ (Բ. Պետրոս 3։8, 9. Մատթէոս 24։14. Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։ Արդարեւ, Եհովայի վկաներու համաշխարհային քարոզչութեան միջոցաւ, ներկայիս մարդիկ պատեհութիւն ունին Աստուած ճանչնալու, Յիսուսի աւետարանին հնազանդելու եւ տեսնելու այն օրը երբ ա՛լ պատերազմ պիտի չըլլայ։

^ պարբ. 9 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը նաեւ պիտի վերացնէ մարդկութեան թշնամին. մահը։ Ինչպէս որ «Աստուածաշունչին պատասխանը» յօդուածը կը նշէ, Աստուած անհամար մարդիկ պիտի յարուցանէ, ներառեալ շատեր, որոնք պատմութեան ընթացքին պատերազմներու զոհը գացած են։

^ պարբ. 10 Վերջին օրերուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 9–րդ գլուխը՝ հրատարակուած Եհովայի վկաներուն կողմէ։