Արդէն հազար Թագաւորութեան սրահներ կառուցուած են
Օգոստոս 2013–ը Ֆիլիփիններու մէջ ապրող Եհովայի վկաներուն համար կարեւոր ամիս մըն էր։ Հոն, շինարարական յատուկ յայտագրի մը միջոցաւ ամբողջացաւ հազարերորդ Թագաւորութեան սրահը։ Ինչպէս է պարագան շատ մը երկիրներու, Ֆիլիփիններու ժողովքներն ալ յաճախ պէտք եղած նիւթականը կամ շինարարական փորձառութիւնը չեն ունեցած, որ կառուցանեն իրենց Թագաւորութեան սրահը՝ առանց օգնութեան։ Տարիներ շարունակ ոմանք կը հաւաքուէին անձնական տուներու մէջ, իսկ ուրիշներ՝ հնդկեղէգէ շինուած պզտիկ կառոյցներու մէջ։
Քանի որ Ֆիլիփիններու եւ այլ երկիրներու մէջ Եհովայի վկաներուն թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ, Թագաւորութեան սրահներու կարիքն ալ կ’աւելնայ։ Հետեւաբար 1999–ին, Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը սահմանափակ միջոցներ ունեցող երկիրներու մէջ Թագաւորութեան սրահներ կառուցանելու յայտագիր մը պատրաստեց։ Ըստ այս յայտագրին, տեղացի վկաները իրենց կարողութեան համեմատ նուիրատուութիւններ կ’ընեն։ Յետոյ ատոնց վրայ կ’աւելնան այլ երկիրներու ըրած նուիրատուութիւնները։ Հմուտ շինարարներու խումբեր կը կազմակերպուին, որ ժողովքներուն օգնեն իրենց անձնական Թագաւորութեան սրահը կառուցանելու։ Նոյեմբեր 2001–ին, այս միջազգային յայտագիրը Ֆիլիփիններու մէջ սկսաւ գործել։
Իլումինատոն Պուլաքանի Մարիլաու ժողովքին մէկ անդամն է։ Հոն էր որ հազարերորդ Թագաւորութեան սրահը կառուցուեցաւ։ Իլումինատոն ըսաւ. «Զգացի թէ ի՛նչ ըսել է քրիստոնէական եղբայրութիւն։ Կամաւորաբար մասնակցողները շատուոր էին,– տղամարդիկ ու կիներ, երիտասարդներ ու տարեցներ։ Կիզիչ արեւուն տակ միասնաբար կ’աշխատէինք։ Թէեւ օրուան վերջաւորութեան շատ յոգնած կ’ըլլայինք, բայց կ’ուրախանայինք տեսնելով թէ միասնաբար ի՛նչ իրագործած ենք»։
Նաեւ ոչ–Վկաները տպաւորուեցան կամաւորներուն աշխատանքով։ Շինարարութեան վայրը աւազ եւ խիճ փոխադրող բեռնակառքի մը տէրը, ըսաւ. «Դուք մրջիւններու պէս շա՛տ էք։ Ամէն մարդ իրարու հետ կը համագործակցի։ Այսպիսի բան բնա՛ւ չեմ տեսած»։
Վեց շաբաթը չամբողջացած՝ կամաւորները շինարարական աշխատանքը լրացուցին։ Քանի որ Թագաւորութեան սրահը արագօրէն կառուցուեցաւ, ժողովքի անդամները կրցան կեդրոնանալ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու ամենակարեւոր գործին վրայ (Մատթէոս 24։14)։
Էլեն՝ տեղական ժողովքի այլ անդամ մը, կ’ըսէ. «Մեր նախկին Թագաւորութեան սրահին մէջ բոլորս չէինք բաւեր, անոր համար մեզմէ շատեր կը ստիպուէին սրահէն դուրս նստիլ։ Նոր Թագաւորութեան սրահը գեղեցիկ ու շա՜տ աւելի հանգստաւէտ է։ Այսպիսով բոլորս կրնանք ա՛լ աւելի օգտուիլ ժողովներու մէջ մեր ստացած ուսուցումէն եւ քաջալերութենէն»։