Եհովայի վկաներուն հիմնադիրը ո՞վ է
Եհովայի վկաներու արդի կազմակերպութիւնը սկսաւ գործել 19–րդ դարու վերջաւորութեան։ Այդ ժամանակ, Աստուածաշունչի աշակերտներու պզտիկ խումբ մը կար, որուն անդամները կ’ապրէին Փիթցպըրկի մօտ, Փէնսիլվանիա (ԱՄՆ)։ Անոնք սկսան Աստուածաշունչը նիւթ առ նիւթ ուսումնասիրել ու եկեղեցիներուն սորվեցուցած վարդապետութիւնները համեմատեցին Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հետ։ Եւ իրենց սորված բաները սկսան հրատարակել գիրքերու, օրաթերթերու եւ այն պարբերաթերթին մէջ, որ այժմ կը կոչուի՝ Դիտարան. Կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը։
Աստուածաշունչի այդ անկեղծ աշակերտներու խումբին մէջ կար Չարլզ Թէյզ Ռասըլ անունով մարդ մը։ Թէեւ այդ ատեն Ռասըլը առաջնորդութիւն առաւ Աստուածաշունչի կրթական գործին մէջ եւ Դիտարան–ի առաջին թիւը խմբագրեց, բայց ան նոր կրօնք մը չհիմնեց։ Ռասըլի եւ միւս Աստուածաշունչի Աշակերտներուն նպատակն էր՝ Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումները յառաջ մղել եւ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքի օրինակին հետեւիլ։ Քանի որ Յիսուսն է քրիստոնէութեան հիմնադիրը, մենք կը նկատենք որ ի՛նքն է մեր կազմակերպութեան հիմնադիրը (Կողոսացիս 1։18-20)։