Անցնիլ բովանդակութեան

Ուքրանիոյ մէջ, երկու հրատարակիչներ հանրային ծառայութեան կը մասնակցին

18 ՅՈՒԼԻՍ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 11 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

«Բարիք գործել» պատերազմի մէջ եղող երկրի մը մէջ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 11 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Ամբողջ Ուքրանիոյ մէջ, հանրային ծառայութեան վերադառնալը մեծ ուրախութիւն եւ դրական արդիւնքներ բերած է։ Շրջանային տեսուչներ եւ երէցներ կը տեղեկագրեն, որ շատեր ուրախ են մեր հրատարակութիւններուն սայլակները տեսնելով եւ նոյնիսկ կ’ըսեն որ կարօտցած էին Եհովայի վկաները տեսնել։

Թաթիանան, որ Օտեսա շրջանին մէջ եղող «Սերհիիվքա» ժողովքէն է, որոշեց այցելել համավարակէն առաջ իր ունեցած այցելութիւններուն։ Ան կ’ըսէ. «Սկիզբէն իսկ տեսայ, թէ Եհովան որչափ օրհնեց մեր ջանքերը որ ետ սկսինք ծառայել»։ Անգամ մը, ան այցելեց կնոջ մը, որ համավարակէն առաջ մերժած էր Աստուածաշունչը սերտել։ Այս անգամ, կինը հաճոյքով հոգեւոր նիւթեր քննարկեց եւ ուրախութեամբ համաձայնեցաւ որ Աստուածաշունչը սերտէ։ Թաթիանան կ’ըսէ. «Պէտք է բոլո՛ր նախկին վերայցելութիւններուս այցելեմ եւ ամէն մէկուն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկեմ»։

Եւհենին եւ Լիլիան հրատարակիչներ են, որոնք Մարիուփոլ քաղաքէն տեղահանուեցան։ Անոնք ստիպուեցան իրենց տունը ձգել, եւ հիմա Ուքրանիոյ աւելի ապահով մէկ շրջանին մէջ կ’ապրին։ Երկուքն ալ կանոնաւորաբար քարոզչութեան կը մասնակցին։ Անոնք կ’ըսեն թէ ծառայութիւնը իրենց օգնած է, որ իրենց խնդիրներուն վրայ չկեդրոնանան։ Անոնք կը բացատրեն. «Մենք գիտէինք որ մեր կեանքը առաջուան պէս պիտի չըլլար։ Շատ դժուար է նոր կեանք սկսիլ։ Բայց կը յիշենք որ Եհովայի ձեռքը կարճ չէ։ Մենք իր հոգին ունինք եւ մեր եղբայրները պատրաստ են մեզի օգնելու, որ նոր վայրի մէջ նոր կեանք սկսինք»։

Երկրին ուրիշ շրջաններուն մէջ, մեր եղբայրները նաեւ վկայութիւն կու տան իրենց բարի գործերով։ Օրինակ, Միքոլաիվ քաղաքին մէջ խումբ մը եղբայրներ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան օգնեցին նորոգելու եւ կազմակերպելու մթերանոց մը, ուր պատերազմէն տուժածներուն համար օգնութիւն պիտի պահուէր։ Եղբայրները ջրային համակարգը նորոգեցին, դարակներ պատրաստեցին եւ քանի մը թոն ապրանքներ դասաւորեցին։ Երբ այդ կազմակերպութիւնը ներկայացնող կին մը գործը ստուգեց, իր աչքերը արցունքով լեցուեցան։ Ան ըսաւ. «Չէի երեւակայեր որ ա՛յսքան լաւ արդիւնք պիտի տեսնեմ»։

Թէեւ Ուքրանիոյ մէջ մեր հաւատակիցները դժուար ժամանակներէ կ’անցնին, անոնք կը ­զգան այն ուրախութիւնը, որ կու գայ ծառայութեան մէջ գործունեայ մնալէն եւ «բարիք գործելէն» (Գաղ. 6։9

Մինչեւ 13 յուլիս 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ։

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 42 հրատարակիչներ մահացած են

  • 97 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 28,683 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են

  • 524 տուներ փլած են

  • 588 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 1554 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 5 Թագաւորութեան սրահներ փլած են

  • 10 Թագաւորութեան սրահներ մեծապէս վնասուած են

  • 36 Թագաւորութեան սրահներ թեթեւօրէն վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 52,947 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 23,863 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին