23 ՄԱՐՏ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ
ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 4 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ
Մենք կը շարունակենք ամբողջ սրտով աղօթել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար՝ Մարիուփոլի մէջ, ուր փողոցներուն մէջ տեղի ունեցող կռիւները եւ ռմբակոծումները կը շարունակուին։ Ցաւօք սրտի, մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն վեցը մեռան ռմբակոծումներուն պատճառաւ։ Ուքրանիոյ մէջ, ընդամէնը 10 եղբայրներ ու քոյրեր իրենց կեանքը կորսնցուցած են։ Նաեւ, ինչպէս լուրերուն մէջ ըսուեցաւ, անցեալ շաբաթ թատրոն մը ռմբակոծուեցաւ, ուր աւելի քան 1000 հոգի ապաստան գտած էին։ Այդ ռմբակոծումին ատեն, մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոչ մէկը սպաննուեցաւ, բայց անոնցմէ քանի մը հոգի թեթեւ թեթեւօրէն վիրաւորուեցան։
Մեր եղբայրներէն շուրջ 750 անհատներ Մարիուփոլէն փախած են, մինչդեռ մօտ 1600 անհատներ տակաւին հոն են։ Անոնցմէ շատեր կը գտնուին քաղաքին արեւելեան մասին մէջ, որուն վրայ հիմա Ռուսիան կ’իշխէ։
Ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ, շուրջ 200 եղբայրներ ու քոյրեր պահուըտած էին Թագաւորութեան սրահ մը եւ Համաժողովի սրահ մը ունեցող համալիրի մը ներքնայարկին մէջ։ Երբ այդտեղի եղբայրները կրցան կարճ տեղեկութիւն մը տալ, անոնք ասիկա ըսին.
«Ռմբակոծումներուն ատեն, քանի մը եղբայրներ ու քոյրեր շատ վախցան։ Ոմանք լալու սկսան։ Երբ դուրսի պայթումները լսեցինք, մտածեցինք որ կա՛մ անոնցմէ պիտի մեռնէինք կամ ալ՝ կրակէն։ Երէց մը գաղափար տուաւ, որ Թագաւորութեան երգերը երգենք։ Մենք ետեւ–ետեւի 10-15 երգ երգեցինք։ Ո՛րքան աւելի պայթումներուն ձայնը կը բարձրանար եւ ո՛րքան աւելի շէնքը կը ցնցուէր, ա՛յնքան աւելի բարձր կ’երգէինք։ Ետքը, կարդացինք եւ քննարկեցինք Սաղմոս 27–ն։ Յետոյ, բոլորը սկսան խօսիլ իրենց նախասիրած աստուածաշնչական համարներուն մասին եւ ըսել թէ անոնք ինչպէ՛ս իրենց կ’օգնեն։ Մենք մեր մորթին վրայ զգացինք, որ Եհովան իրապէ՛ս «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածն» է, որ մեզ ամէնէն դժուար պահերուն կը հանդարտեցնէ» (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։
Անձնազոհ երէցները եւ տեղական Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբի (DRC) անդամները իրենց հաւատակիցները կը փնտռեն եւ երբ որ պէտք ըլլայ, անոնց ուտելիք եւ դեղ կը բերեն, նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելով։ Ատեններ, անոնք կը ստիպուին սողալ կրակոցներէն պաշտպանուելու համար, մինչ քաղաքին մէջ կը փնտռեն իրենց եղբայրներն ու քոյրերը։ Մենք հպարտ ենք մեր եղբայրներով, որոնք իրենց հաւատակիցներուն համար «վտանգի մէջ դրին իրենց վիզերը» (Հռովմայեցիս 16։4, ԱԾ)։
Քանի որ կազ եւ ելեկտրականութիւն չկայ, քաղաքին մէջ՝ տարբեր տեղեր, մեր քաջ քոյրերը կրակի վրայ ճաշ կ’եփեն։ Ետքը, ուտելիքը կը հասցուի ծերերուն եւ անկարող հրատարակիչներուն։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր կորսնցուցած են՝ իրենց տուները, ինքնաշարժները եւ նիւթական ստացուածքները, բայց անոնք շնորհակալ են իրենց հաւատակիցներուն սիրոյն եւ հոգատարութեան համար։
Ապահով վայրերու մէջ պահուըտած եղբայրներն ու քոյրերը կը ջանան շարունակել իրենց հոգեւոր ռութինը, միասնաբար Աստուածաշունչը սերտելով եւ կարելի եղած ատեն՝ բարի լուրին մասին ուրիշներուն խօսելով։
Մինչեւ 22 մարտ 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ։
Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը
10 հրատարակիչներ մահացած են
27 հրատարակիչներ վիրաւորուած են
33,180 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են
78 տուներ փլած են
102 տուներ մեծապէս վնասուած են
484 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են
1 Թագաւորութեան սրահ փլած է
4 Թագաւորութեան սրահներ մեծապէս վնասուած են
18 Թագաւորութեան սրահներ թեթեւօրէն վնասուած են
Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ
27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ
25,069 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար
14,308 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին